Արուեստի Աշխարհէն. Օտար Տեսիլքներ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՆԱԽՆԱԴԱՐԷՆ Ի ՎԵՐ ՏԱՐԲԵՐ ՈՒՂԻՆԵՐՈՎ ՄԻՇՏ ԱԼ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ԻՐԱՐՈՒ: ԾԻՆԱԿԱՆ ՆՈՐԱՆՈՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՅՍ ԴԱՐՈՒՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ ԻՐԵՐՈՒ ՎՐԱՅԷՆ ԿԸ ՀԱՒԱՔԷ ԾԻՆԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԲՋԻՋՆԵՐ ԵՒ ԶԱՆՈՆՔ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ` ԵՐԵՔ ՏԱՐԱՉԱՓՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՆԿԱՐՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ԱՆ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԻՏԵԼԻՔ ՄԸ Ի ԳՈՐԾ ԿԸ ԴՆԷ` ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉԵԼՈՎ ԹԱՔՈՒՆ ՀԵՏՔԵՐ: ՈՄԱՆՔ ԹԵՐԵՒՍ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԸՆԴՈՒՆԻՆ ԻԲՐԵՒ ՀԱՃԵԼԻ ԿԱՏԱԿ, ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ ԶԳԱԼ… «ՏԸ ՔՈԼՈՍԸԼ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԵԶԱԿԻ ՀՈՒՄ ՆԻՒԹՈՎ ԵՒ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՁԵՒՈՎ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ՏԱՐԱՇԽԱՐՀԻԿ ԱՐՈՒԵՍՏԸ:

Կը քալես Պրուքլինի մէկ փողոցէն` շարունակելով ծամել բերնիդ մէջ մաշած ծամոնը: Ի վերջոյ զայն գետին կը նետես` առանց վայրկեան մը իսկ մտածելու եւ կը շարունակես ճամբադ: Ժամեր ետք խորհրդաւոր կին մը կը հասնի վայրը, մայթին վրայէն ծածուկ կը հաւաքէ կպչուն ծամոնը եւ զայն կը նետէ կերպընկալէ թափանցիկ տոպրակի մը մէջ, որուն կը կցէ պիտակ մը: Ի՞նչ կը պատահի քանի մը ամիս ետք. կը քալես դէպի ցուցասրահ մը եւ հոն` պատին վրայ կը տեսնես ծանօթ դէմք մը, որ կը նայի քեզի: Զարմանալիօրէն (կամ` սարսափելիօրէն)  անիկա 3 տարաչափութեամբ պատկերն է քու դէմքիդ, որ ստեղծուած է ծինական ժառանգութեան պատասխանատու այն բջիջներով, զորս քու ետիդ ձգած էիր, այդ պատահական ծամոնին մէջ, որ այժմ զետեղուած է տարրալուծարանի յատուկ պնակի մը մէջ եւ ցուցադրուած է դիմանկարին տակ: Քանի մը տարի առաջ ասիկա գիտաերեւակայական ժապաւէնի մը տպաւորութիւնը պիտի ստեղծէր. պիտի դառնար նիւթը` «Կաթթաքա»-ի նման ժապաւէնի մը: Սակայն տեղեկութիւններ օգտագործող արուեստագէտ Հետըր Տուի-Հեկպորկ այս ձեւով կը ստեղծագործէ այսօր, 2013-ին: (Արուեստի մէջ այսօր կը գործածուի ինֆորմէյշըն արթիսթ եզրը, որ ելեկտրոնային արուեստի նորայայտ մարզ մըն է, ուր կը մէկտեղուին համակարգչային գիտութիւնը, տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը եւ արուեստի աւելի դասական ձեւերը, «Ա.»):

Կ՛ըսուի, թէ կարելի է ներշնչուիլ որեւէ բանէ: Տուի-Հեկպորկ իր ներշնչումը ունեցած է հերթական դարմանումի մը պահուն: Ան կը դիտէր պատէն կախուած եւ շրջանակի մէջ առնուած պատկեր մը, երբ զայն ծածկող ապակիին բարակ մէկ ճեղքին մէջ նշմարած էր մազի թել մը: Տուի-Հեկպորկ սկսած էր մտածել իր տեսածին մասին եւ երեւակայել, թէ արդեօք որո՞ւ կը պատկանէր այդ աննշան մազի թելը, եւ մասնաւորաբար` արդեօք ի՞նչ երեւոյթ ունէր անոր տէրը: Այդ օրէն սկսեալ արուեստագէտը յատուկ հետաքրքրութիւն սկսած է ցուցաբերել առօրեայ կեանքի մէջ իւրաքանչիւր անձի կողմէ իր ետին ձգած ծինական հետքերուն վերաբերեալ: Ան սկսած է հարց տալ, թէ արդեօք ի՞նչ բնորոշ յատկանիշներ կարելի էր գտնել` ուսումնասիրելով ծամոնի կտորի մը կամ ծխախոտի մնացորդի մը վրայ  ձգուած ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նմուշը առնուած է 6 յունուար 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պրուքլինի Ուիլսըն պողոտային վրայ: Անձը բնիկ ամերիկացի է, հարաւային ամերիկացի, տղամարդ է, աչքերը սրճագոյն են:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Տուի-Հեկպորկի զարմանահրաշ, քիչ մը շփոթեցնող հարցուփորձերուն եւ փորձարկութիւններուն արդիւնքը «Սթրէյնճըր վիժընզ» (օտար տեսիլքներ) վերնագիրով ցուցահանդէսն է: Անիկա կը պարունակէ 3 տարաչափութեամբ դիմանկարներ, որոնք ստեղծուած են Պրուքլինի փողոցներուն մէջ ձգուած իրերու ծինական ժառանգութեան բջիջներուն յատկանիշներով: Տուի-Հեկպորկ աշխատած է Ճինսփէյս անունով կենսաբանական գիտաշխատանոցի մը հետ, ուր հանդիպած է շարք մը կենսաբաններու, որոնք իրեն սորվեցուցած են այն բոլորը, որ այժմ գիտէ ինք մոլեքիւլային կենսաբանութեան եւ ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն վերաբերեալ:

Տուի-Հեկպորկ հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ իր արուեստը.

«Ուրեմն, գիտաշխատանոցին մէջ կը զատեմ ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջները, ապա անոնց որոշ մասերը կը մեծցնեմ` օգտագործելով ծինական ժառանգութեան նոր բջիջներ եւ կորիզային թթուներ յառաջացնող հակազդեցութիւններու շղթայ մը: Ասիկա ինծի առիթ կու տայ ուսումնասիրելու ծինական քարտէսին այն մասերը, որոնք կը տարբերին անձէ անձ»:

«Հակազդեցութիւններու այս շղթային արդիւնքը կ՛ուղարկեմ գիտաշխատանոց մը, ուր կը կազմուի ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն բաղադրիչ կորիզային թթուներուն յաջորդականութեան պատկերը: Կենսատեղեկատուական (պայոինֆորմաթիքս) ծրագիր մը օգտագործելով` կը շարեմ զանոնք եւ կը ստուգեմ, թէ ծինային յատկորոշ ի՛նչ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին»:

«Ապա այս տեղեկութիւնը կը զետեղեմ համակարգիչի ծրագիրի մը մէջ, որ ես պատրաստած եմ: Համակարգիչը կը կարդայ ծինական ֆիզիքական յատկութիւնները բնորոշող ծածկագիր տեղեկութիւնները եւ զանոնք կը տարածէ 3 տարաչափութեամբ դիմագիծի մը վրայ` ներկայացնելու համար զանոնք: Օրինակ, կը սկսիմ փնտռել տուեալ անձին սեռային պատկանելիութիւնը, ծագումը, աչքին եւ մազերուն գոյնը, մորթին բիծերը, գոյնը, ինչպէս նաեւ` դիմագիծի որոշ յատկութիւններ. քթին լայնքը, աչքերուն միջեւ հեռաւորութիւնը:

«Վերջնական քանի մը սրբագրութիւններ կատարելէ ետք ստեղծուած պատկերը կը զետեղեմ 3 տարաչափութեամբ նկարներ պատրաստող ծրագիրի մը մէջ եւ կը տպեմ 3 տարաչափութեամբ տպագրիչ գործիքի մը վրայ: Կը գործածեմ ԶՔորփ վաճառանիշով գունաւոր տպող գործիք մը եւ փոշի մելան, որ աւազի եւ մածոյցի պէս բան մըն է»:

Եւ մեր դիմաց կը տեսնենք անծանօթ անձերու տարօրինակ եւ մօտաւոր դիմանկարներ: Անձեր, որոնք անգիտակցաբար իրենց ծինային հետքերը ձգած են պատահական փողոցի մը մէջ: Իսկ որքա՞ն ճշգրիտ են ծինական այս փորձարկութենէն ծնունդ առած դէմքերը: Արուեստագէտը կը նախընտրէ ըսել, թէ անոնք ունին «ընտանեկան նմանութիւն մը», եւ թէ` ի տարբերութիւն սկիզբի նկարագրութեան, ոչ ոք ինքզինք ճանչցած է իր ցուցահանդէսներուն առիթով: Այսուհանդերձ, որոշ յատկանիշներ, ինչպէս` տարիք, անկարելի է գիտնալ սոսկ ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներու ուսումնասիրութեամբ: Հետեւաբար Տուի-Հեկպորկ իւրաքանչիւր դիմանկար կը գծէ այնպէս` կարծէք պատկերուած անձը շուրջ 25 տարեկան է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES