ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ. «ՏՈՎԻԼԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԽԹԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱԼ ՀԱՆԳՈՒՑԱԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ»

«Մենք բարձր կը գնահատենք նախագահներ Մետվետեւի, Օպամայի եւ Սարքոզիի ջանքերը` ուղղուած ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման», անցեալ հինգշաբթի օր յայտարարեց  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` արձագանգելով Տովիլի մէջ ընդունուած յայտարարութեան:

Է. Նալբանդեան նշեց, որ նախանցեալ օր Տովիլի մէջ, Մեծ ութնեակի վեհաժողովի ծիրին մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, երկիրներու ղեկավարներուն ընդունած յայտարարութիւնը կարեւոր ուղերձներ կը բովանդակէ եւ կրնայ խթան հանդիսանալ հիմնախնդիրի լուծման համար:

Նալբանդեան նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստան միշտ կողմնակից եղած է Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ տագնապի բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծման եւ բազմիցս ատիկա ապացուցած է գործնականին մէջ. ըստ անոր, պարզ է, թէ որո՛ւ ուղղուած է այս առնչութեամբ յայտարարութեան մէջ գտնուող միանշանակ ուղերձը:

Է. Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան յստակ պատասխան տուած է եռանախագահներուն կողմէ ներկայացուած հիմնարար սկզբունքներու վերջին տարբերակին` իբրեւ տագնապի լուծման համար բանակցութիւններու հիմք: Ըստ անոր, եթէ Ազրպէյճան իր միանշանակ համաձայնութիւնը յայտնէ, ապա կարելի պիտի ըլլայ յառաջընթաց արձանագրել լուծման հոլովոյթին մէջ: «Ակնյայտ է, թէ որո՛ւ հասցէագրուած է յայտարարութեան մէջ նաեւ այս առնչութեամբ հնչած ուղերձը», նշեց Էդուարդ Նալբանդեան:

Share this Article
CATEGORIES