«Հաճնոյ Հերոսամարտի 90-ամեակի Գիտաժողովի Նիւթեր Եւ Վաւերագրեր Ու Լուսանկարներ». (Հրատարակութիւն` Հաճնոյ հայրենակցական միութեան, Լիբանան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2013-ին, Պէյրութ, Հայկազեան համալսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ «Հաճնոյ հերոսամարտի 90-ամեակի գիտաժողովի նիւթեր եւ վաւերագրեր ու լուսանկարներ» խորագրեալ հրատարակութիւնը` մեկենասութեամբ Սարգիս եւ Մակի Գանըգուրեաններու եւ խմբագրութեամբ տոքթ. Անդրանիկ Տագէսեանի:
Հատորը կը բաղկանայ 228 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 14 բաժիններ, ուր կը նկարագրուի, թէ ինչպէ՛ս Հաճնոյ հայրենակցական միութեան Լիբանանի վարչութիւնը Հաճնոյ հերոսամարտին 90-ամեակը հանդիսաւոր շուքով նշելու առաջադրութեամբ, ձեռնարկեց երկօրեայ գիտաժողովի, որ տեղի ունեցաւ 15 եւ 16 հոկտեմբեր 2010-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Սոյն գիտաժողովին բացումը կատարեց Հաճնոյ հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Փոլ Եագուպեան, ուրբաթ, 15 հոկտեմբեր 2010-ին: Սոյն հանդիսութեան խօսք առին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Նիստերուն մասնակցեցան տոքթ. Յարութիւն Գէորգեան` Ֆրանսայէն, տոքթ. Վահէ Թաշճեան` Գերմանիայէն եւ Արամ Արքուն` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն: Գիտաժողովին մասնակցեցան նաեւ Լիբանանէն տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան, Ահարոն Շխրտըմեան եւ տոքթ. Անդրանիկ Տագէսեան: Երեք նիստերը կայացան գիտաժողովին երկրորդ օրը` շաբաթ, 16 հոկտեմբեր 2010-ին:
Այս առիթով Հաճնոյ հայրենակցական միութեան վարչութիւնը կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը, որուն հետ ծրագրեց կազմակերպել ուխտագնացութիւն դէպի Հաճըն, վերահրատարակութիւն Հաճնոյ պատմութեան գիրքին, գիտաժողով, լուսանկարչական ցուցահանդէս, մատաղի պատրաստութիւն, պատարագ, հոգեհանգիստ եւ հոգեճաշ եւ ճաշկերոյթ կրթական նպաստի համար:
Վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղելով գիտաժողովի հիւրերուն եւ դասախօսներուն` ըսաւ, թէ Հայկազեան համալսարանը կրնայ հաճընցի կոչուիլ, տրուած ըլլալով, որ սոյն կրթական հաստատութիւնը սկիզբ առած է ամերիկահայ Ստեփան Փիլիպպոսեան եւ Հենրի Կերթմէնեան հաճընցիներու նիւթական օժանդակութեամբ:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան հաստատեց եղերական այն ճշմարտութիւնը, թէ 90 տարի առաջ, հոկտեմբեր 15-ին, թուրքերը գրաւեցին Հաճընը, հրկիզեցին զայն` բարբարոսաբար կոտորելով 6000 հայեր: Ջարդերէն փրկուած հաճընցիները ապաստան գտան հայրենիքի եւ գաղթաշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ուր հիմնեցին Նոր Հաճըն անունը կրող հայրենակցական միութիւններ, աւաններ, ամսագրեր եւ ակումբներ: Դեսպան Քոչարեան ըսաւ, թէ 1958-ին Հայաստանի Նոր Հաճըն աւանին մէջ հաճընցիներ կանգնեցուցին Հաճընի հերոսամարտին նուիրուած յուշարձան:
Գիտաժողովի ընթացքին կարդացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն տոքթ. Հայկ Դեմոյեանի ողջոյնի գիրը, ուր հայրենի մտաւորականը կ՛ըսէ, թէ Հաճնոյ հերոսամարտը իր դիւցազնատիպ մարտնչումներով կը գրաւէ իր իւրայատուկ տեղը Աւարայրի, Ձիրաւի, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերու կողքին:
Հաճնոյ վերջին քաղաքապետի եղբօրորդին` տոքթ. Ժերար Շալեան ներկայացուց Հաճնոյ պատմութիւնը եւ Հաճնոյ հերոսամարտի ընթացքին հայ ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Շալեան ըսաւ նաեւ, թէ սոյն գիտաժողովը յարմարագոյն առիթն է հաղորդակցելու նահատակներուն յիշատակին հետ:
Գիտաժողովին առաջին զեկուցողը եղաւ Փարիզի Սորպոնի համալսարանէն վկայեալ, Սեն Տընիի համալսարանի աշխարհագրաքաղաքականութեան ֆրանսական հիմնարկի հետազօտութեանց բաժնի տնօրէն, Փարիզի ՀԲԸՄ Նուպարեան մատենադարանի տնօրէն եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքերու հեղինակ տոքթ. Յարութիւն Գէորգեանը: Ան ներկայացուց Հաճնոյ 1915 թուի բռնագաղթը:
Առաջին նիստին երկրորդ զեկուցողը եղաւ «Արարատ» պաշտօնաթերթի պատասխանատու խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեանը: Ան ներկայացուց գերման-թրքական փոխյարաբերութիւնները եւ Հաճնոյ տեղահանութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ գիտաժողովի երկրորդ նիստը: Առաջին խօսողը եղաւ Փրինսթըն համալսարանէն եւ Փենսիլվանիոյ համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինէն մագիստրոս տիտղոսով վկայեալ եւ պատմական ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Արամ Արքունը, որ ներկայացուց Հաճնոյ ցեղասպանութեան մասնակցողները պատժելու փորձերը` 1918-1920 ինկած ժամանակամիջոցին:
Իսկ երկրորդ խօսողը եղաւ ներկայիս Պերլին հաստատուած եւ Կիլիկիոյ մասին պատմական գիրքերու հեղինակ եւ օսմանեան հայերու ժառանգութեան վերաբերեալ «Յուշամատեան» կայքէջի խմբագրութեան պաշտօնը վարող տոքթ. Վահէ Թաշճեանը, որ ներկայացուց «Ֆրանսան եւ Հաճընը. անխուսափելի պարտութեան մը ռազմավարութիւնը» նիւթը:
Գիտաժողովի երրորդ եւ վերջին նիստի զեկուցաբերներէն առաջինը եղաւ խորհրդարանի նախկին անդամ, պատմական գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ տոքթ. Եղիկ Ճերեճեանը, որ ներկայացուց Հաճընն ու իր յեղափոխական ոգին:
Սոյն նիստի վերջին զեկուցաբերը եղաւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողական հարցերու տնօրէն «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի պատասխանատու քարտուղար տոքթ. Անդրանիկ Տագէսեանը, որ ներկայացուց Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տոմարները:
Գիտաժողովը եզրափակուեցաւ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանի խօսքով, որ ջերմօրէն գնահատեց սոյն ձեռնարկին մասնակից զեկուցաբերներուն աշխատանքը եւ արժեւորեց նաեւ ներկաներուն մասնակցութիւնը:
Հաճնոյ հերոսամարտի 90-ամեակի գիտաժողովին նուիրուած հատորի աւարտին կը ներկայացուին համառօտ կենսագրականը սոյն ժողովի զեկուցողներուն, լիբանանահայ մամուլի արձագանգը` գիտաժողովին, ինչպէս նաեւ` պատմական արժէք ներկայացնող վաւերագրեր եւ լուսանկարներ:
Մայիս 2013
Պէյրութ

