ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Մաժտալ Այնճարի մէջ կատարեց շարք մը ներխուժումներ, որոնց ընթացքին  ձերբակալեց չորս կասկածելիներ, որոնք կրնան մեղսակցած ըլլալ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգումին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց երիտասարդական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին  շեշտեց, որ ինք կը մերժէ գոյներու հասկացողութիւնը եւ մակերեսայնութիւնը, որ բաժնած է Լիբանանը` կոչ ուղղելով բոլորին վերադառնալու խաղաղութեան մշակոյթին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանը` Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելէ եւ անոր ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնելէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դերակատարութիւնը կասկածելի է եւ սադրանքներ նախապատրաստող. ան շեշտեց, որ այդ ուժերն են, որոնք կը կրեն Լիբանանի ապակայունութեան պատասխանատուութիւնը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտ կը ջանան ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին փոխանցել դատական համապատասխան ատեան:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանն է, որ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին կ՛արգիլէ Լիբանանի կառավարութիւնը կազմելէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի պատասխանատու է հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պատկանող կառոյցին պատահարին:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ուշացումը եւ արձանագրուած ձգձգումները մեծ, մեծ եւ մեծ կասկածներ կ՛արթնցնեն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր գործավար Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ապօրինի կերպով կը գործէ եւ ստանձնած է ներքին ու շրջանային մեծ եւ վտանգաւոր պարտականութիւններ: Անդրադառնալով ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտի` ինքզինք իր պարտականութիւններէն ազատ կացուցելու որոշումին` Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ Պարուտ ուշացած է այդ քայլին դիմելու` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարը իր հրաժարականը պէտք էր ներկայացնէր 2009-ին` չծածկելու համար արձանագրուած բոլոր օրինազանցութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց բանակին պաշտպանելու Յաւելուած արժէքի տուրքի տնօրէնութեան կեդրոնը, որպէսզի նախանցեալ օրուան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կառոյցին նախանցեալ օրուան միջադէպը չկրկնուի նաեւ հոն:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ հաստատեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պատկանող կառոյցին մէջ պատահածը զինեալ ըմբոստութիւն է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր օրինական հասկացողութեամբ ձախողած է` նեքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ գործուած յեղաշրջումէն ետք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը: Ան կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որպէսզի երկիրը յուզող քաղաքական տարակարծութիւններէն հեռու գործէ` ծառայելու համար լիբանանցիներուն շահերուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին կազմելու երկրին կառավարութիւնը կամ հրաժարելու իր պաշտօնէն: Միւս կողմէ, Հըս նկատել տուաւ, որ Պաղեստինեան հարցը արաբ ժողովուրդին համար ազգային հարց եղած է, աղէտի օրերէն սկսեալ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ֆրանսայի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Ռաֆարենի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ սուրիական վարչակարգին նկատմամբ Լիբանանի զօրակցութիւնը կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու միջազգային բանաձեւի մը քննարկման պարագային Լիբանան այդ բանաձեւին դէմ պիտի քուէարկէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES