ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆՈՎ ՀՄԸՄ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ՀԱՅՈՑ ԵՌԱԳՈՅՆԸ ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԻՆ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼՈՒ ԻՐ ԵՐԴՈՒՄԸ

ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերուն տողանցքը

Մայիսեան յաղթանակի շունչով, յաղթանակներ կերտած հայկական հզօր բանակի հետեւողութեամբ ու անոր կշռոյթով, 93-ամեայ երիտասարդ միութեան մէկ անդամը ըլլալու հպարտութեամբ քալեցին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, տարբեր թուականներու հիմնադրուած ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու սկաուտները, մարզիկները, քալեցին Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող մարզական միաւորները. անոնց հետեւեցան  մեր ապագան թրծող հնոցները հանդիսացող լիբանանահայ դպրոցներուն աշակերտները: Բոլորը խրոխտ էին իրենց կեցուածքին մէջ, վճռական էին իրենց քայլերով, անոնց ճակատը բարձր էր, որովհետեւ անոնք Մայիս 28 կերտած սերունդին յաջորդներն էին, ժառանգորդներն էին ՀՄԸՄ-ի նման ազգանուէր ու ազգակերտ միութեան հիմնադիրներուն:

 

Այս տրամադրութիւնը կը տիրէր երէկ` կիրակի, 29 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած մայիսեան փառատօնը, որուն ընթացքին ուրուագծուեցաւ լիբանանահայութեան ապագայի մարմնաւորումը եղող սերունդներուն պարզած պատկերը:

Մարօ Թազեան

Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ կայացած փառատօնին բացման խօսքը արտասանեց Մարօ Թազեան, որ ըսաւ, թէ Հայաստանի անկախութիւնը առիթ եղաւ ՀՄԸՄ-ին կենսունակութեամբ եւ հպարտութեամբ այս առիթով վերանորոգելու իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու մայիսեան յաղթանակը կերտած հերոսներու կտակին ու անոնց բացած ուղիին: Ան դիտել տուաւ, որ երբ հայ ժողովուրդը հայկական բանակ չունէր,  ՀՄԸՄ-ը իր տողանցքներով եւ կանոնաւոր շարքերով բանակի մը հպարտութիւնն ու կորովը ներշնչեց աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան` զայն ամրապնդելով իր ազգային նկարագիրին մէջ:

 

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան փառատօնի յաջողութեան, նաեւ կոչ ուղղեց նոր սերունդին` ամուր մնալու իր դիրքին վրայ` յարգելով պատգամը հայութեան հերոսներուն:

Ապա տարբեր մասնաճիւղեր հանդէս եկան գեղարուեստական յայտագիրով մը` պարերուն ընդմէջէն իրենց մարմիններով ՀՄԸՄ եւ Մայիս 28 գծելով դաշտին մէջ:

Այս բաժինին յաջորդեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ ԼԵՎԱՄ-ի լաւագոյն մարզիկի բաժակի տուչութիւնը, զոր կատարեց Վահան Համամճեան, իսկ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտին յանձնեց ԼԵՎԱՄ-ի վահանը, որուն արժանացած էր վարժարանը:

Յակոբ Քէշիշեան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը ուղղեց ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին վերջին նորութիւնները, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ հայութեան կեանքին մէջ ՀՄԸՄ-ի գոյութեան կարեւորութիւնը` իր ստեղծման օրէն մինչեւ այսօր:

 

«Սարսափի ու պատերազմի օրերուն ծնունդ առաւ այս միութիւնը, որ 93 տարիներ շարունակ ժամանակին հետ քայլ պահեց եւ հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուող զանազան երկիրներու մէջ հայրենազուրկ հայ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին սորվեցուց հայրենիքի սէրն ու հայ մնալու գաղտնիքը: ՀՄԸՄ-ը երկար տարիներ գործեց հայրենիքէն դուրս, հայրենիքին համար ու եղաւ այն կրթարանը, որ սերունդներուն փոխանցեց հայավայել վճռականութիւն, աննկուն կամք եւ աննահանջ հաւատք», ըսաւ ան: Ապա յատուկ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ կազմակերպուած ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն, նաեւ ֆութպոլի դպրոցին: Իր խօսքի աւարտին Յ. Քէշիշեան հաստատեց, որ ջահը վառ պահելով պիտի փոխանցուի նորահաս սերունդներուն, որպէսզի ամուր պահուի անոնց հայեցի դիմագիծը եւ անոնք դառնան օրինակելի հայեր:

Գրիգորիս Պողարեան

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գրիգորիս Պողարեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ իր ծննդեան ժամանակաշրջանին եւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հռչակման թուականին զուգադիպող կարիք ու անհրաժեշտութիւն հանդիսացող միութեան դերակատարութիւնը հայոց պատմութեան մէջ: Ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ իր հիմնադրութեամբ միութիւնը իր հովանիին տակ առաւ որբանոցներուն մէջ հասակ նետած հայ պատանիները` յատկապէս անոնց փոխանցելով հոգի ու միտք, ապրում ու երազանք` ի խնդիր հայութեան վերելքին ու անոր ողնայարը կազմող երիտասարդ սերունդներուն առողջ դաստիարակութեան ու գաղափարական դարբնումին: Գ. Պողարեան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը հայ պատանիին տուաւ պողպատեայ նկարագիր, զարգացած միտք, վեհ հոգի, տոկուն մարմին, ազգին ու հայրենիքին ծառայութեամբ բաբախող աւիշ` հանդիսանալով այն միութիւնը, որ Եռագոյնը բարձրացուց ամէնուրեք, երբ անոր յիշատակումն անգամ անհանգստութիւն կը պատճառէր ուրիշներուն: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ այսօր աշխարհի չորս ծագերուն եւ Հայաստանի մէջ գործող միութեան տարած աշխատանքը եւ որդեգրած գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող ազգակերտ եւ ազգօգուտ գործելաձեւը: Գ. Պողարեան նշեց, որ միութիւնը իր գործունէութիւնը ծաւալած է տարբեր մակարդակներու վրայ եւ տարբեր դաշտերու մէջ` սկզբունք ու նպատակ ունենալով ծառայել հայութեան ու հայրենիքին եւ հետապնդել անոր գերագոյն նպատակները:

 

Իր խօսքի աւարտին ան յայտնեց, որ այսօր  ՀՄԸՄ-ականներուն ուսերուն դրուած է պարտք` առաջնորդուելու «Մի՛շտ պատրաստ» նշանաբանով եւ Եռագոյնը Արարատի ձիւնածածկ գագաթին կոթողելու երդումով:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի զոյգ շեփորախումբերուն առաջնորդութեամբ սկսաւ տողանցքը, որուն ընթացքին նկատելի էր կարգապահութիւն, խանդավառութիւն եւ յոյս, որ կ՛արտացոլար յատկապէս գայլիկներուն, արծուիկներուն ու մոկլիներուն քայլերուն ընդմէջէն:

Գեղամ արք. Խաչերեան

Փակման խօսքը արտասանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ անդրադարձաւ Մայիս 28-ով հայոց պատմութեան էջերուն մէջ բացուած հպարտութեան էջին` լուսարձակի տակ առնելով մայիսեան յաղթանակի շունչը ՀՄԸՄ-ի ընդմէջէն փոխանցելու երեւոյթը: Ան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի թեւերուն վրայէն սաւառնելով մեր ժողովուրդը կը բարձրանայ անմահութեան կատարները` հայկական ոգիով, հպարտութեամբ, հասնելով ամէն բանէ վեր` դէպի վեհութիւն ու հզօրութիւն: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ Հայաստանի անկախութիւնը սխրագործութեան պատում մը չէ սոսկ, այլ հոն կ՛արտացոլայ հայու հոգին, որ ճակատագրական պահերուն յատկապէս կը շրջանցէ ամէն արգելք ու դժուարութիւն, կը ծառանայ զինք խաւարին մէջ տանելու ու ստրկացնելու ամէն տեսակ փորձութիւններու դէմ եւ հայու պայծառութեամբ ու քաջութեամբ կը կերտէ յաղթանակներ: Ան դիտել տուաւ, որ մայիսեան փառատօնին ճամբով ՀՄԸՄ-ը կու գայ փաստելու, որ ինք պարզ միութիւն չէ, այլ Մայիս 28-ի ոգիին ու վճռականութեան մարմնաւորումը հանդիսացող նուիրեալ փաղանգ մըն է, որ կը պահէ աւանդը եւ կը կտակէ յառաջիկայ սերունդներուն:

 

Իր խօսքը եզրափակելով` Գեղամ արք. Խաչերեան նշեց, որ այսօր եւս պայքար կայ բոլոր ճակատներուն վրայ եւ ամէն տեղ, պայքար հայկական ինքնութեան, արժէքներու, լեզուի պահպանման իմաստով` հաստատելով, որ այդ պայքարէն կարելի է յաղթական դուրս գալ, եթէ զինուինք մեր հերոսներուն ոգիով ու պայքարը շարունակենք մեր կեանքին մէջ` նոյն վճռականութեամբ եւ ազգային նկարագիրին կառչած մնալով:

Մայիսեան փառատօնը աւարտեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 

Share this Article
CATEGORIES