Ակնարկ. Եգիպտոսի Իսլամ Եղբայրները` Ընտրանք Մը Կատարելու Հրամայականին Առջեւ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Իսլամ եղբայրներու միամեայ իշխանութիւնը եգիպտական բանակը վերադարձուց քաղաքական դաշտ: Հեգնական է, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի հրաժարականը պահանջող եւ օրին «Բանակին իշխանութիւնը թող տապալի» բացագանչող զանգուածները այսօր բանակին շուրջ բոլորուած են եւ անոր «փրկարար» քայլը կը տօնեն: Վերջերս կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ բանակը եգիպտացի ժողովուրդին 82 առ հարիւրին զօրակցութիւնը կը վայելէ, սակայն բանակին շուրջ տիրող այս դրական մթնոլորտը ժամանակաւոր է եւ կրնայ փոխուիլ, եթէ երկրին մէջ փոխանցման հանգրուանը երկարաձգուի:

Բանակը բոլոր կողմերը երկխօսութեան հրաւիրեց, սակայն անտեսեց ընտրուած նախագահը. այդ պահուն յստակ դարձաւ, որ Մուրսիի ճակատագիրը վճռուած է:

Ընդդիմադիր աշխարհիկ ուժերուն ուրախութիւնը կրնայ երկարատեւ չըլլալ, որովհետեւ Իսլամ եղբայրներու ղեկավարութեան ձերբակալումներուն լոյսին տակ ներկայ կացութենէն առաւելագոյն օգտուողը պիտի ըլլայ յետմուպարաքեան խորհրդարանին մէջ խորհրդարանական երկրորդ մեծագոյն ուժը եղող սալաֆական «Նուր» կուսակցութիւնը: Մուպարաքի դէմ միացեալ պայքարին աւարտէն ետք, ընդդիմադիր աշխարհիկ ուժերը չյաջողեցան միացեալ ճակատ մը կազմել եւ խորհրդարանական ու նախագահական իրերայաջորդ ընտրութիւններուն ընթացքին ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին: Այսօր Մուրսիի դէմ պայքարին աւարտով ընդդիմութիւնը միացնող ժամանակաւոր ազդակը դարձեալ չքացած է, եւ անոնք կը կանգնին անցեալի սխալը չգործելու հրամայականին առջեւ:

30 յունիսին Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հրաժարականը պահանջող ցոյցերուն սկսելէն ետք, Իսլամ եղբայրները բանակին ազգային երկխօսութեան հրաւէրը մերժելով` իրենք զիրենք մեկուսացուցին եւ այսօր կանգնած են իրենց քաղաքական գոյատեւումը երաշխաւորելու հրամայականին առջեւ:

Այդ մէկը իրենց հետեւորդներուն բարձրացուցած «Բանակի իշխանութիւնը թող տապալի» կարգախօսով, Ժիհատի կոչերով կամ բանակին ու Մուրսիի հակառակորդներուն հետ բախումի մտայնութեամբ կարելի չէ իրագործել, այլ` ուժերու վերադասաւորումով եւ «գլխացաւ պատճառող» տարրերու մեկուսացումով:

Անոնք կորսուածը անմիջապէս ետ բերելու փորձութենէն ձերբազատելով պէտք է մնացածը պահպանելու աշխատին: Բռնութեան դիմելու որոշումը, համաեգիպտական արիւնահեղութեան եւ այլ վնասներու հետեւանքներուն կողքին, հրապարակային գործունէութեան մէջ անփորձ եղող իսլամական այդ շարժումը, երկու տարուան օրինական ու ազատ կեանքէ մը ետք, կը վերադարձնէ 1954-2011 տարիներու իր երկարատեւ ընդյատակեայ գործունէութեան:

Եգիպտոսը կառավարելու Իսլամ եղբայրներու միամեայ փորձին խայտառակ աւարտէն ետք, կը մնայ տեսնել, թէ շարժումը իր նախկին անբաղձալի կացութեան վերադարձն ու Եգիպտոսի մէջ արիւնահեղութիւնը կանխարգիլելու կողքին իր քաղաքական գոյատեւումն ալ ապահովելու ընտրանքը որդեգրելու քաղաքական իմաստութիւնը ունի՞:

 

 

Share this Article
CATEGORIES