Պաղեստինեան Ժիհատական Կազմակերպութիւն Մը Կը Խոստանայ Արիզոնայի Հրդեհներէն Ետք Յաւելեալ Յարձակումներ Գործել
Պաղեստինեան «Մաստաթ Մուժահիտին» կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգին մէջ վերջերս պատահած հրդեհները ինք յառաջացուցած է` խոստանալով Միացեալ Նահանգներու դէմ յաւելեալ յարձակումներ գործել, եթէ Իսրայէլի հետ իրենց դաշինքը չխզեն:
Պաղեստինեան կազմակերպութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգի անմարդաբնակ շրջանին ու կեդրոնին մէջ եւ մինչեւ հիմա առնուազն 19 ամերիկացի հրշէջներու կեանք խլած ու քաղաքին հիւսիսարեւմուտքը գտնուող երկու գիւղերու բնակչութիւնը գիւղէն հեռանալու ստիպած, 250 բնակարաններ եւ երկու հազար հեկտար անտառ հրկիզած հրդեհը ինք յառաջացուցած է:
CATEGORIES Միջազգային

