Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. Ռուսական Քարիւղի Դէպի Եւրոպա Մատակարարումները Հասած Են 10 Տարուան Ընթացքին Ամէնէն Ցած Մակարդակին
Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ ռուսական քարիւղի դէպի Եւրոպա մատակարարումները կտրուկ նուազած են: Ներկայիս հաստատուած է վերջին 10 տարուան ընթացքին ամէնէն ցած ցուցանիշը:
Ըստ տուեալներուն, յուլիսին Ռուսիան պէտք է Եւրոպային մատակարարէ օրական ընդամէնը 2.1 միլիոն տակառ քարիւղ: Ատիկա պայմանաւորուած է նախ եւ առաջ այն հանգամանքով, որ ռուսական քարիւղի վերամշակման հատուածը արագ կը զարգանայ եւ աւելի շատ քարիւղ կը սպառէ: Երկրորդ` դէպի Չինաստան քարիւղի մատակարարումներու ծաւալներու յաւելման վերաբերեալ Մոսկուայի քաղաքականութիւնը իր արդիւնքները կու տայ:
Իբրեւ արդիւնք` եւրոպական քարիւղի վերամշակման գործարանները բախած են աւելի բարձր գիներու:
Վերլուծաբաններուն կարծիքով` պիտի տուժեն յատկապէս այնպիսի ձեռնարկները, ինչպիսիք են` «Նեսթ Օյլ»-ը (Ֆինլանտա), «Փի.Քէյ.Էն. Օրլեն»-ը (Լեհաստան) եւ «Էմ.Օ.Էլ Կրուփ»-ը (Հունգարիա), որոնք ռուսական չվերամշակուած քարիւղի զգալի ծաւալներ կը ստանան:

