Պուրսայի Մէջ Յեղափոխական Ժողովուրդի Ազատագրութեան Կուսակցութիւն Ճակատի 16 Անդամներ Ձերբակալուեցան

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Պուրսայի մէջ Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատին դէմ Պուրսայի մէջ կատարուած գործողութեան մը ընթացքին 16 անձեր ձերբակալուած են:

Պուրսայի ոստիկանութեան հակաահաբեկչական բաժանմունքէն խմբակներ Պուրսայի Եըլտըրըմ, Էսմանկազի, Նիլիւֆեր եւ Ինեկէօլ շրջաններուն մէջ համակարգուած արշաւներու ձեռնարկած են եւ ձերբակալած 16 անձեր, ներառեալ` վեց կիներ:

Ձերբակալեալները հարցաքննութեան համար փոխադրուած են Պոլսոյ ոստիկանատուն: Ոստիկանութիւնը արշաւին ընթացքին նաեւ գրաւած է կազմակերպութեան պատկանող գիրքեր, պարբերաթերթեր եւ խտասալիկներ: Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատը ձախակողմեան ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, որ անցեալ տարուան ընթացքին պետական պաշտօնեաներու եւ պետական շէնքերու դէմ իր գործողութիւնները աշխուժացուց:

Կազմակերպութիւնը 1 փետրուարին յարձակում մը գործեց Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դէմ: Անձնասպանական գործողութեան ընթացքին սպաննուեցան գործողութեան հեղինակն ու դեսպանատան մէկ պահակը: Լրագրող մը վիրաւորուեցաւ: Ականահարումէն կարճ ժամանակ ետք Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատը կայքէջի մը վրայ զետեղեց հաղորդագրութիւն մը` ստանձնելով գործողութեան պատասխանատուութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES