ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՎԻՐԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ
Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա երէկ այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի վիրաւոր զինուորներուն, որոնք անցեալ ուրբաթ կէսօրէ ետք պայթումի թիրախ դարձած էին:
Զօր. Ասարթա շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց իտալացի զինուորներուն, որոնք կը գտնուին Սայտայի «Համմուտ» հիւանդանոցին մէջ:
ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը շեշտեց, որ Սայտայի մուտքին իտալական զօրամասին մաս կազմող գումակային ջոկատի զինուորներէն վեցը վիրաւորուած են` դիտել տալով, որ անոնց առողջութիւնը հետզհետէ կը բարելաւուի` բացի մէկ զինուորէ:
«Մեզի համար ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորներուն ապաքինումը կարեւոր է, իսկ միջազգային խաղաղապահ ուժերու շրջուն ջոկատը թիրախ դարձնելու հարցին առնչութեամբ արդէն իսկ հետաքննութիւն բացած ենք լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ», ըսաւ զօր. Ասարթա:
Ան նկատել տուաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ապահովական մնայուն միջոցառումներ կ՛որդեգրեն` իրենց զօրամասերուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, աւելցնելով, որ ատիկա իրենց տրուած իրաւունք մըն է` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան շրջագիծին մէջ:
Իտալացի հրամանատարը հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պիտի շարունակեն հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իրենց առաքելութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցի պատասխանատուներուն, որոնք խստիւ դատապարտեցին պատահարը եւ փութացին միջազգային խաղաղապահ ուժերուն զօրակցութեան: