ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇՈՒՖ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ուղղուեցաւ Շուֆ` այցելելու համար իր գիւղաքաղաքը` Պաազարան, ուր ընդունուեցաւ գիւղաքաղաքի բնակիչներուն կողմէ եւ ներկայ գտնուեցաւ Պաազարանի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին:

Պաազարանի մէջ զօր. Քահուաժի  արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ լիբանանեան բանակը մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի իր քաղաքացիներուն, ուր ալ ըլլան անոնք եւ ինչ որ ալ ըլլան անոնց պայմանները:

Բանակի հրամանատարը նաեւ հաստատեց, որ բանակը կը պայքարի Իսրայէլի եւ անոր ախորժակներուն դէմ` դէմ դնելով բոլոր դաւադրութիւններուն, որոնք տարբեր ձեւերով կը դրսեւորուին լիբանանեան ընկերութեան մէջ:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակին պարտականութիւնն է պահպանել երկրին կայունութիւնը եւ քաղաքացիական  անվտանգութիւնը:

Անդրադառնալով շրջանային իրավիճակին` զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ արաբական աշխարհը կ՛ապրի քաղաքական եւ ընկերային երկունք մը, որ երկրէ երկիր կը տարբերի, սակայն անիկա անպայման իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին վրայ:

«Մեր պարտականութիւնն է գործակցիլ Լիբանանի բարեկամ բոլոր պետութիւններուն հետ եւ բարելաւել բանակին դերակատարութիւնն ու հզօրացնել զայն` պահպանելու համար երկրին բոլոր սահմանները», ըսաւ ան:

Նշենք, որ զօր. Քահուաժի այցելեց նաեւ Մուխթարայի պալատ, ուր ընդունուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES