ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին հաղորդակցութեան նախարարութեան պատկանող կառոյցին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ուժերուն ապօրինի ներկայութիւնը եւ աւելի ուշ այդ կառոյցը լիբանանեան բանակին յանձնելու թղթածրարը:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ վերոնշեալ թղթածրարին առումով պէտք է հետաքննութիւնը շարունակել եւ դատական իշխանութեան ճամբով բերման ու դատավարութեան ենթարկել «Օժերօ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆն ու ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարի հրահանգները ուղղակի կը գործադրուին, իսկ չգործադրուելու պարագային այդ կեցուածքը կը նկատուի անկարգութիւն եւ խնդրոյ առարկան կ՛ենթարկուի զինուորական օրէնքներուն:
Այս շրջագիծին մէջ զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ արդեօք ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտ առանց Ռիֆին պատժել փորձելո՞ւ ինքզինք գործավար նախարարի պաշտօնէն ազատ կացուցեց կամ կա՞յ իշխանութիւն մը, որ զինք արգիլեց կարգապահական միջոցներու դիմելէ` աւելցնելով, որ իրենք միշտ ալ կը զօրակցին այն նախարարին, որ կը ջանայ իր իշխանութիւնը բանեցնել սահմանադրութեան ընդմէջէն:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն յայտնեց, որ Պարուտի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու գործավար նախարար Շարպել Նահհասի միջեւ հարց չկայ, ո՛չ ալ Նահհաս կապ ունի Պարուտի եւ Ռիֆիի միջեւ ծագած խնդիրներուն հետ:
Ակնարկելով այն ամբաստանութիւններուն, թէ Նահհաս մերժած է տեղեկութիւններ յանձնել ներքին ապահովութեան ուժերուն, զօր. Աուն շեշտեց, որ ընդհակառակն` Նահհաս օրինազանցութիւն գործած է առանց վաւերացում ստանալու տեղեկութիւնները պէտք եղած ատեն եւ անմիջապէս փոխանցելով ներքին ապահովութեան ուժերուն: Ան շեշտեց, որ նման ամբաստանութիւններ կատարող կողմերը ստախօսներ են:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն ընդգծեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կապուած այդ թղթածրարը ոչ մէկ կապ ունի կառավարութեան կազմութեան հետ եւ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւնը` ըստ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն, աւելցնելով, որ իրենք օր մը օրանց չեն պահանջած կառավարութեան կազմութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարել: