Ահմետ Ասիրի Ձայնագրութիւն Մը Կը Սպրդի
Երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն սպրդեցաւ ձայնագրութիւն մը, որ ենթադրաբար կը պատկանի Ահմետ Ասիրի:
Ձայնագրութեան մէջ Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի նախկին իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր ցաւակցութիւն յայտնեց Ապրայի բոլոր նահատակներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւորներուն:
Ասիր Հըզպալլան դատապարտեց Ապրայի միջադէպին հրահրման յանցանքով` աւելցնելով, որ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժեր հովանաւորած են այդ դէպքերը:
Ասիր կոչ ուղղեց այսօրուան նամազէն ետք մզկիթներուն դիմաց բողոքի ցոյցեր կատարելու:
CATEGORIES Լիբանանեան

