Տար Ֆաթուա. «Պէտք Է Զսպել Կրօնական Ճառերը` Ապահովութիւն Ներշնչելու Նպատակով»
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց իսլամ կրօնաւորներու նիստին` ներկայութեամբ Տար Ֆաթուային պատկանող իսլամական կալուածներու ընդհանուր տնօրէն շէյխ Հիշամ Խալիֆէի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մը մէջ Տար Ֆաթուայի կրօնաւորները կոչ ուղղեցին քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն միասնական ըլլալու եւ վերջ տալու իրենց տարակարծութիւններուն:
Տար Ֆաթուայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ պէտք է վերջ տալ սադրանքներուն եւ լարուածութեան, ինչպէս նաեւ զսպել կրօնական ճառերը` ապահովութիւն ներշնչելու նպատակով:
Իսլամ կրօնաւորները ընդգծեցին, որ լիբանանեան բանակը իրենց բանակն է եւ անոր զինուորները իրենց զաւակներն են, ինչպէս նաեւ բանակը Լիբանանի ապահովական կայունութեան երաշխիքն է: Անոնք միաժամանակ բանակէն խնդրեցին բոլոր լիբանանցիներուն հետ հաւասարապէս վարուիլ եւ բոլոր զինեալներուն նկատմամբ նոյն վարուելակերպը ցուցաբերել:
Տար Ֆաթուան պահանջեց ազատ արձակել բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք բանակին դէմ կրակ չեն բացած, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց բանակին, որ անցարգելներուն վրայ կրօնաւորներուն նկատմամբ ցուցաբերուի յարգալիր եւ թափանցիկ մօտեցում:


