«Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերը Կարելի Է Նկատել Էրտողանի Անկումի Սկիզբ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Նախանցեալ օր Կովկասի հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ բաց հասարակական բանավէճ` «Թրքական ամառը եւ անոր հետեւանքները շրջանին համար» նիւթով: Բանավէճին կը մասնակցէր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ըստ անոր, Թուրքիոյ մէջ բռնկած բողոքի ալիքը ուղղուած էր հիմնականին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի դէմ, որ կրցած է վերջին տասնամեակին մեծ ազդեցութիւն ձգել ամբողջ Թուրքիոյ վրայ:

Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերը, մասնաւորաբար ժողովուրդին դէմ կիրարկուած բռնի ուժը, կրնան իրենց ազդեցութիւնը ունենալ Թուրքիոյ վրայ միջազգային ասպարէզին մէջ, ինչպէս Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

«Այս դէպքերը կարելի է նկատել Էրտողանի անկման սկիզբը, եթէ շարունակէ այն ոճով, որով մինչեւ հիմա շարունակած է», յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` աւելցնելով, որ Էրտողանի ղեկավարած կուսակցութեան ներքեւ կրնան տեղի ունենալ փոփոխութիւններ, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ նաեւ Էրտողանի թուլացման:

Ըստ անոր, «թրքական ամառը արաբական գարուններուն հետ կապ չունի: Նմանութիւններ կրնան ըլլալ, բայց տարբերութիւնները շատ են»:

Share this Article
CATEGORIES