«Ազրպէյճանին Ռուսական Զինուորական Արհեստագիտութեան Մատակարարումը Պիտի Մեծցնէ Զինուորական Գործողութիւններու Վերսկսման Սպառնալիքը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Հայաստան չի կրնար իր ռազմավարական գործընկերոջը թելադրել` ինչպէս յարաբերութիւններ կառուցել երրորդ երկիրներու հետ, սակայն այն, որ Ազրպէյճանի մէջ կը բարձրացնեն զինուորական պիւտճէն, չի կրնար չանհանգստացնել Հայաստանը, յատկապէս Ալիեւի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն խորապատկերին վրայ:

Այս մասին News.am-ի յայտնեց ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` մեկնաբանելով լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող` Ազրպէյճանին ռուսական զինուորական արհեստագիտութիւն մատակարարելու մասին տեղեկութիւնները:

Ըստ անոր, Ազրպէյճանին ռուսական զինուորական արհեստագիտութեան մատակարարումը կ՛ընդլայնէ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքը: «Եթէ Հայաստան խաղաղութիւն կը ցանկայ, ապա պէտք է պատրաստուի պատերազմի: Այսպիսի հակառակորդ մը զսպելու այլ ճամբայ չկայ: Ազրպէյճան պէտք է իմանայ, որ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման պարագային մեծ կորուստ պիտի կրէ», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:

Share this Article
CATEGORIES