Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օգտուեցէք բնութեան ընձեռած առիթներէն: Ամառ է արդէն եւ կրնաք երթալ դէպի ծով կամ լեռնային զով վայրեր: Օրը լաւ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պատանի եւ պարման տարիքի ձեր շուրջը գտնուողներուն սորվեցուցէք ձեր ընտանիքին աւանդական ճաշերուն ընտելանալու կեցուածքը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր հմայքը ցայտուն պիտի ըլլայ: Այս իրողութեան դիմաց մի՛ զարմանաք, որովհետեւ ունիք այս շնորհքը եւ բացայայտեցէք միշտ: Յաջողութիւն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ինքնավստահութիւն պիտի ունենաք դուք ձեր անձին նկատմամբ: Պիտի ունենաք շինիչ եւ օգտաշատ գործունէութիւն` ներկայի եւ ապագայի համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սիրուած անձ մըն էք, ձեզ կը սիրեն անոր համար, որ չէք կեդրոնացած միայն դուք ձեր վրայ, այլ կը մտածէք ուրիշներու մասին, կ՛օգնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յարաբերութիւն պիտի ունենաք ձեր շրջանակին, նաեւ ձեր քաղաքին մէջ ապրող անձերու հետ: Անոնք պիտի օգտուին ձեր գիտութենէն եւ տաղանդէն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընթերցանութիւն մը կամ այլ միջոց մը ձեր մէջ պիտի արթնցնէ հետաքրքրութիւն մը` հանդէպ այլ մարզերու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Քննարկեցէք ձեր պիւտճէն, որպէսզի նոր որոշում մը տաք ձեր նիւթական վիճակին մասին: Այսօր պարտաւոր էք այս մասին մտածելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մօտեցէք այնպիսի անձերու, որոնք կը բաժնեն ձեր տեսակէտը, համաձայն են ձեզի: Կը գտնէք նման անձեր, միացէք անոնց, կ՛օգտուիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հանգիստի ժամանակ տրամադրեցէք: Անիմաստ գործերով զբաղիլը ժամավաճառութիւն է: Ուրախ եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը շատ յարմար է մարզանքի համար, մանաւանդ երբ նոր փորձեր կը կատարէք: Ուշադիր եղէք ձեր մարմնին վայելչութեան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Յիշատակներով լեցուած են ձեր միտքն ու սիրտը: Վատ յուշերը մէկ կողմ դրէք, ուրախացէք հաճելի յիշատակներու փոխանցած մտածումներով: Եղէք լաւատես, առողջ կը մնաք:

