50 Տարի Առաջ (6 Յուլիս 1963)
Հայկական Կեանք
Մէկ Միլիոն Տոլար` Հայութեան Անցեալը
Ուսումնասիրելու Համար
Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին` հայութեան անցեալը ուսումնասիրելու եւ զանոնք դասաւանդելու համար Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ (Լոս Անճելըս) որոշուած է մէկ միլիոն տոլարի հանգանակութիւն մը սկսիլ անմիջապէս:
Այդ ծրագրին իրագործումն ու յաջողութիւնը պատճառ պիտի ըլլան որպէսզի վերոյիշեալ համալսարանին մէջ հայագիտութեան ամպիոն մը հիմնուի:
Այս ամպիոնը լաւագոյնս պիտի ծառայէ հայ ժողովուրդին 2500 տարուան պատմութեան ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման:
Այս համալսարանը երկրորդն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, առաջինը ըլլալով Քէյմպրիճ գտնուող Հարվըրտ համալսարանը:
Զանազան նկատառումներով է, որ Լոս Անճելըսի համալսարանը ընտրուած է որպէս կեդրոն հայագիտութեան դասաւանութեանց: Այս մասին խօսելով` Մանուկ Եանկ ըսած է, թէ` «հոս կը գտնուի հոծ գաղութ մը, եւ կարելիութիւններ կան ընդարձակուելու եւ արդիւնաւոր դառնալու»:
Լիոնի Եկեղեցիին Օծումը
Լիոնէն կը հաղորդեն, թէ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը կատարուած է մեծ շուքով, անցած կիրակի առաւօտ, հայ եւ օտար անձնաւորութեանց ներկայութեան, ձեռամբ կաթ. պատուիրակ Սերովբէ արք.ի:
Արարողութեան յաջորդող ճաշին ընթացքին հինգ միլիոն հին ֆրանքի նուիրատուութիւններ եղած են նորակառոյց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ի նպաստ: Այլ մանրամասնութիւններ` առանձին թղթակցութեամբ:
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետի
Ընտրութիւնը
Պուրճ Համուտի նորընտիր Քաղաքապետական խորհուրդը, երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիս 1963, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, նախագահութեամբ Մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դահլիճին մէջ լրիւ կազմով իր առաջին նիստը գումարելով` ընտրեց խորհուրդին նախագահն ու փոխ նախագահը:
Համիտ Խուրի ժողովը բանալով` շնորհաւորեց նորընտիր խորհուրդին անդամները եւ թուեց այն պարտաւորութիւնները, որոնք դրուած են իրենց եւ մանաւանդ ընտրուելիք նոր նախագահի ուսերուն վրայ: Նախատեսուած բազմաթիւ ծրագիրներ կան, ըսաւ, որոնք մօտ ապագային պիտի բարեզարդեն Պուրճ Համուտը:
Այնուհետեւ կարդաց կանոնագրի այն գլուխը, որ կը սահմանէ նախագահի եւ փոխ նախագահի ընտրութեան օրէնքը:
Խորհուրդին երիցագոյն անդամը գործադրելով օրէնքը, գաղտնի քուէարկութեամբ, 14-ի վրայ 13 ձայնով նախագահ ընտրուեցաւ Յակոբ Աշճեան:
Ընտրութեան պաշտօնական ծանուցումէն անմիջապէս ետք, ընդհանուր ծափերու մէջ, նորընտիր նախագահն ու գայմագամը ողջագուրուեցան: Խորհուրդին անդամները կարգով շնորհաւորեցին իրենց նախագահը:
Ապա միաձայնութեամբ փոխնախագահ ընտրուեցաւ Պըշարա Ահուաժի:
Նախագահ Յակոբ Աշճեան արաբերէն լեզուով գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց: Շնորհակալութիւն յայտնեց այն վստահութեան համար, որ ցոյց տրուեցաւ իր անձին հանդէպ: Պուրճ Համուտի ժողովուրդի զգացումներուն թարգմանը հանդիսանալով` իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն բարերար հոգածութեան համար, որ ցոյց կը տրուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապի, Լիբանանի կառավարութեան, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆաուզի Պարտաուիլի եւ Մեթնի գայմագամին կողմէ:
Սրտաբուխ այս ուղերձը մէջընդմէջ ծափերու արժանացաւ:
Համիտ Խուրի խորապէս զգացուած Յ. Աշճեանի անկեղծ արտայայտութիւններէն` շնորհակալութիւն յայտնեց այն խօսքերուն համար, որոնք ուղղուած էին գեղեցիկ Լիբանանին, անոր հանրապետութեան նախագահին, կառավարութեան, նահանգապետին եւ իր անձին:
Փոխ նախագահ Պըշարա Ահուաժի նոյնպէս ուղերձ մը կարդաց` առաւելաբար թուելով Յ. Աշճեանին արժանիքները:
Սիրալիր մթնոլորտի մէջ ժողովը փակուեցաւ ժամը 11:00-ին:

