Աշխարհի Ամէնէն Լաւ Գործը…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Էլիզա Տեթրէզ 28 տարեկան ֆրանսացի երիտասարդուհի մըն է: Ան շահեցաւ Աւստրալիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Քուինզլանտի շրջանին զբօսաշրջութեան գրասենեակին կողմէ կազմակերպած մրցումին առաջնութիւնը: Այս մրցումին վարձատրութիւնն էր` «աշխարհի ամէնէն լաւ գործերէն մէկը…»:

Աշխարհի չորս կողմերէն 450 հազար թեկնածուներ իրենց բախտը փորձած են եւ մասնակցած այս մրցումին: Իբրեւ վարձատրութիւն, շահող անձը բախտը պիտի ունենայ դառնալու պահպանուած բնական հսկայական տարածքի մը պահակը 6 ամիսներու ընթացքին:

Այս ձեւով, Էլիզա, օգոստոս ամիսէն սկսեալ եւ վեց ամսուան համար պիտի դառնայ պահակը «Փարք Ռէյնճըր»-ին, որ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ շրջաններէն մէկն է` իբրեւ դրամական վարձատրութիւն ստանալով 100 հազար եւրօ:

Էլիզա շատ ուրախ է: Յաջորդ վեց ամիսներուն իր գործը պիտի ըլլայ հետախուզել ծովային բուսակենդանիներու նշանաւոր ընդծովեայ աշխարհը, վայրի անտառը, ազգային հանրային ընդարձակ պարտէզները, կարմիր հողերով տարածքները… Այս բոլորը բաւական կախարդական կը թուին, սակայն Էլիզա պաշտօն մըն ալ ունի կատարելիք: Ան պէտք է գովէ իր հսկած բնական տարածքին արժանիքները եւ գեղեցկութիւնը: Ան համացանցին վրայ յատուկ կայքէջով եւ ընկերային ցանցերուն մէջ պիտի պատմէ ամէն օր իր ապրածը` զբօսաշրջիկներուն մօտ հետաքրքրութիւն արթնցնելու եւ Աւստրալիա այցելելու փափաքը յառաջացնելու համար:

«Աշխարհի ամէնէն լաւ գործի» այս մրցումը ծանուցումի հաճելի եւ խելացի միջոց մըն է` կազմակերպուած Քուինզլանտի կողմէ: Այդ շրջանի զբօսաշրջիկութեան գրասենեակը նման գործողութիւն մը արդէն կազմակերպած էր 2009 թուականին: Առաջին մրցանակի արժանացածը եղած էր անգլիացի մը: Ան իր գործը այնքան լաւ կատարած էր, որ Քուինզլանտի մէջ զբօսաշրջիկներուն թիւը 15-էն 20 առ հարիւր բարձրացած էր:

 

Երկրագունդը` Կանաչ Մոլորակը

Առաջին անգամ ըլլալով արբանեակ մը երկրագունդին քարտէսը պատրաստած է ըստ կանաչին, գոյն մը, որ կարելիութիւնը կու տայ ճշգրտօրէն ուսումնասիրելու բուսականութեամբ ծածկուած շրջանները:

Երբ մեր մոլորակին մասին կը խօսինք, մենք ընդհանրապէս զայն կ՛անուանենք «կապոյտ մոլորակ», անոր մակերեսին 75 առ հարիւր ծածկող ովկիանոսներուն պատճառով: Սակայն ովկիանոսները եւ մթնոլորտը ուսումնասիրող ամերիկեան կազմակերպութիւն մը ուրիշ մօտեցում մը որդեգրած է: Յատուկ գործիքով մը օժտուած, ամերիկեան արբանեակը մեր մոլորակը քննած է, ըստ յատուկ չափանիշի մը` կանաչին:

Այս գոյնը չափելը կը նշանակէ չափել մեր մոլորակին բուսականութեամբ ծածկուած տարածքը: Կազմակերպութիւնը իր կայքէջին վրայ ցուցադրուած յատուկ շարժապատկերի մը ընդմէջէն մեզի կ՛անցընէ երկրագունդին վրայէն եւ մեզի կը բացատրէ անոր բուսականութեան հոլովոյթը: Օրինակի համար, հոն կարելի է յստակօրէն տեսնել Սահարային եւ անոր հարաւային շրջանին միջեւ անտառներով հարուստ տարածքը: Հոն կարելի է նաեւ մօտէն հետեւիլ այն երեւոյթին, թէ ինչպէս Ամազոնի շրջանը կը պարպուի իր ծառերէն: Որքան կանաչ գոյնը բաց է, այնքան նուազ բուսականութիւն կայ…

 

Խնդանք

Գիտէի՞ք, թէ 7 – 11 տարեկանի միջեւ մանչերը կատակներու եւ հնարքներու թագաւորներն են: Անոնք կը սիրեն խնդալ պարզապէս ամէնօրեայ նիւթերու մասին իրենց ընտանիքին եւ ընկերներուն հետ զրուցած ատեն:

Ըստ ուսումնասիրութեան մը, ամէնօրեայ կեանքն է, որ յատկապէս կը ներշնչէ մեր պզտիկ կատակասէրները. օրինակ` անասուններու ձայները կապկելը, պատկերասփիւռէն տեսնուած հնարքները եւ խաղերը կրկնելը հետաքրքրական կը թուին: Կարեւորը` մինակ չխնդալն է, քոյրեր-եղբայրներուն, ընկերներուն հետ բաժնեկցիլն է… Անոնց համար խնդալը լաւ տրամադրութիւն կը ստեղծէ եւ կարելիութիւն կու տայ աւելի թեթեւօրէն մօտենալու կարգ մը դժուար պարագաներու: Այս պատճառով է, որ անոնք յաճախ դպրոցը կը խնդան:

Գիտէի՞ր, Թէ

– Փոքրիկ մը միջին հաշուով օրական 300 անգամ կը խնդայ:
– Չափահաս մը կը խնդայ 15, մինչեւ 20 անգամ նուազ:
– Ըստ գերմանական ուսումնասիրութեան մը, 1950-ական թուականներուն մարդիկ միջին հաշուով օրական 18 վայրկեան կը խնդային. մինչ այժմ այդ ժամանակամիջոցը նուազած է 6 վայրկեանի:
– Ջղային խնդուքը, քաղաքավար խնդուքը… Գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունի 187 խնդուքի տարբեր տեսակներ:
– Կիները շատ աւելի կը խնդան, քան այր մարդիկը (որոնք անոնց կը խնդացնեն): Կ՛ըսուի նաեւ, թէ կան կարգ մը ժողովուրդներ, որոնք աւելի կը խնդան, քան ուրիշներ:
– Ըստ գիտական ուսումնասիրութիւններու, անասուններն ալ կը խնդան, օրինակ` առնէտը: Կարգ մը մեծ կապիկներ նաեւ խնդուքի տեսակ մը կ՛արձակեն:

 

Աշխարհի Ամէնէն Շատ
Խնդացնող Կատա՞կը

2001 թուականին անգլիական գիտական կազմակերպութիւն մը համացանցի միջոցով դիմած է ամբողջ աշխարհին, որպէսզի անոնք պատմեն իրենց նախընտրած կատակը եւ նիշ մը տան միւսներուն կատակներուն: Մէկ տարի ետք 70 տարբեր երկիրներէ եկած 40 հազար կատակներ եւ 2 միլիոն նիշեր արձանագրուած են: Ահա՛ արդիւնքը:

***

Երկու որսորդներ կը գտնուին անտառի մը մէջ. անոնցմէ մէկը յանկարծ գետին կ՛իյնայ: Կարծէք անոր շունչը կեցած է, եւ աչքերը մարած: Անոր ընկերը, իրար անցած, հեռաձայնով օգնութիւն կը կանչէ.

– Ընկերս մեռա՛ծ է: Ի՞նչ կրնամ ընել:

Բժիշկը, հանդարտ, կը պատասխանէ:

– Հանդարտեցէք: Նախ, վստահ եղէք, որ ան մահացած է:

Լռութենէ մը ետք, կրակոցի մը ձայնը կը լսուի: Որսորդը կրկին կը դիմէ բժիշկին.

– Լա՛ւ, եղաւ: Հիմա ի՞նչ ընեմ:

 

Միլիոնատէր Մը Եւ
Իր Պահուած Գանձը

 

 

 

 

 

 

 

 

 

2010 թուականին 82 տարեկան միլիոնատէր Ֆորէսթ Ֆին միլիոններ արժող ոսկի դրամներով, ադամանդներով եւ զմրուխտներով լեցուն գանձ մը կը պահէ` մարդիկը քաջալերելու համար տունէն դուրս ելլելու, հետախուզելու, բնական տեսարանները վայելելու` պատկերասփիւռին առջեւ գամուած մնալու փոխարէն: Ան մարդոց կոչ կ՛ուղղէ` իրենց զաւակները բնութեան մէջ տանելու, ձկնորսութեան տանելու եւ զանոնք հեռացնելու իրենց ձեռքին ունեցող պզտիկ մեքենաներէն:

Ֆին մօտաւորապէս 7500 ե-նամակներ ստացած է մարդոցմէ, որոնք իրեն շնորհակալութիւն կը յայտնեն բնութեան գիրկը երթալու իր քաջալերանքին համար. ուրիշներ իրմէ խրատ եւ ուղղութիւն կ՛ուզեն` գանձը գտնելու համար:

Միլիոնատէրը իր յուշագիրին մէջ ներփակած է բանաստեղծութիւն մը, որուն ընդմէջէն ան կը կատարէ ինը ակնարկութիւններ, որոնց հետեւելով կարելի է հասնիլ 20 քիլօ կշռող գանձին:

 

Տարօրինակ Աշխարհ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Չինաստանի Լանկֆանկ փոքր քաղաքին մէջի 10 յարկանի Թիանզի պանդոկը կրնայ արժանի ըլլալ «աշխարհի ամէնէն տարօրինակ պանդոկի» տիտղոսին:

Ան կազմուած է երեք չինացի աստուածներէ. Շու (ձախին)` երկար կեանքի խորհրդանիշը, Ֆու (մէջտեղը)` բարեբախտութեան աստուածը եւ Լու (աջին), որ կը ներկայացնէ բարգաւաճումը: Եթէ մենք մօտէն նայինք Շուի ձեռքին մէջի դեղձին, պիտի կարենանք տեսնել պանդոկի սենեակներէն մէկուն պատուհանը:

 

Մտածենք

Ո՞վ Է Յանցաւորը

Մարշմէլօ, դքսուհի Պէլատոնայի պարսկական ճերմակ կատուն թունաւորուած է:

– Ես չե՛մ,- կը բողոքէ սպասուհին: Ամէն պարագայի, տիկին Պէլատոնան անձամբ կը պատրաստէ իր կատուին ճաշը` թարմ միսով:

– Ես չե՛մ, կը բողոքէ ամուսինը, նոյնիսկ եթէ ես չէի սիրեր այդ ահաւոր կատուն, որ միշտ պատրաստ էր ճանկելու:

– Ես չեմ կրնար ըլլալ կատուն մեռցնողը,- կ՛ըսէ պարտիզպանը: Ես հիմա վերադարձայ. շուկայ գացած էի տիկինին ուզած գնումները կատարելու համար:

– Ես չե՛մ, կը բացականչէ դքսուհիին աղջիկը: Ես բնաւ թունաւորած պիտի չըլլայի մօրս կատուին ջուրը:

– Ո՞վ է յանցաւորը:

Պատասխանը վերջաւորութեան

 

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս աջ կողմի տախտակին մէջ գտնել ձախ կողմի մանրամասնութեան տուփիկը:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել 9 ձուկերը:

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 110` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մանկապատանեկան Էջի Պատասխանը

Սպասուհիին ըսածէն մենք գիտցանք, թէ դքսուհին անձամբ կը պատրաստէ իր կատուին ճաշը: Հետեւաբար, թոյնը ճաշին մէջը դրուած չէ: Իսկ ո՞վ ըսաւ, թէ թոյնը կը գտնուէր ջուրի ամանին մէջ. դքսուհիին աղջիկը: Ան է յանցաւորը:

Share this Article
CATEGORIES