Ներկայացուեցաւ Եուրօ-2016-ի Տարբերանշանը

Իր լուրը քաղելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէջէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ներկայացուեցաւ Եուրօ-2016-ի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն տարբերանշանը:

Այդ տարբերանշանին վրայ կը տեսնուի Եւրոպայի ախոյեանութեան բաժակը, որ ներկուած է Ֆրանսայի դրօշակին գոյներով:

Ասիկա գաղափարն է փորթուգալեան ընկերութեան մը, որ կը նկատուի նաեւ Եուրօ-2012-ի տարբերանշանին հեղինակներէն մէկը:

Նշենք, որ Եուրօ-2016-ի հիւրընկալ երկիրն է Ֆրանսա:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )