Քասսանօ Ինթեր Միլանէն Միացաւ Փարմայի

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջապահ Անթոնիօ Քասսանօ իր ակումբը` Ինթեր Միլանը լքելով, միացաւ Փարմայի:

30 տարեկան մարզիկին փոխանցման գումարին մասին ճշգրիտ յայտարարութիւն մը չեղաւ, սակայն իտալական մամուլին համաձայն, ան երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, որ իր կարգին մաս կը կազմէ «Սերի-Ա.»-ի խումբերուն:

Քասսանօ, որ նախորդ օգոստոսին Ա. Սէ. Միլանը լքելով միացաւ Ինթերի, իր նոր կազմին հետ պիտի կրէ իր նախասիրած թիւ 99 շապիկը:

Նշենք, որ ան Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 35 մրցումի ընթացքին նշանակած է 10 կոլ:

 

Share this Article
CATEGORIES