Ինտոնեզիացի Թոհիր Պիտի Գնէ Ինթեր Միլանի Բաժնետոմսերուն 40 Առ Հարիւրը
Իր լուրը քաղելով Sky Sport Italia կայքէջէն` ArmFootball.com կը յայտնէ, որ ինտոնեզիացի գործատէր Էրիք Թոհիր պիտի գնէ Ինթեր Միլանի բաժնետոմսերուն 40 առ հարիւրը:
Աղբիւրին համաձայն, Թոհեր այս առնչութեամբ պայմանաւորուած է Ինթեր Միլանի նախագահ Մասիմօ Մորաթթիի հետ:
Ինտոնեզիացի գործատէրը ներդրում պիտի կատարէ ակումբի նոր մարզադաշտին կառուցման եւ մարզիկներու փոխանցումներուն համար:
CATEGORIES Մարզական

