Լիբանանի Վոլիպոլի Պատուիրակութիւնը` Դէպի Տուպայ
Երէկ` հինգշաբթի, 4 յուլիսին, Լիբանանի վոլիպոլի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ վոլիպոլի Բ. հանգրուանի զտումի մրցումներուն, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան յառաջիկայ տարի Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք վոլիպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն անունները:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ղասսան Քասիհա, իսկ խումբին մարզիչն է Էլի Մուսա:
Այսօր Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սէուտական Արաբիա, իսկ վաղը` Քաթար:
Այս խմբակին մաս կազմող երեք խումբերէն երկուքը կ՛ապահովեն Գ. հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ զտումի Ա. հանգրուանին Լիբանան հանդիսացաւ առաջին` յաղթելէ ետք Յորդանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ:
CATEGORIES Մարզական

