Կիկզ Նշանակուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի Մարզիկ-Մարզիչ

Իր լուրը քաղելով Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտի պաշտօնական կայքէջէն` «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբին միջնապահներէն Ռայըն Կիկզ նշանակուեցաւ խումբի մարզիկ-մարզիչ:

39 տարեկան Կիկզ, որ նախորդ մարտին իր պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգեց, իր նոր պաշտօնին կողքին դաշտ պիտի ներկայանայ նաեւ հիմնական կազմին հետ:

Անդրադառնալով այս հարցին` Եունայթըտի մարզիչ Տէյվիտ Մոյես ըսաւ, որ շատ ուրախ է ի տես այս նշանակումին, մանաւանդ որ Կիկզի ներկայութիւնը բաւական լաւ օրինակ մը կրնայ ըլլալ խումբին երիտասարդ մարզիկներուն համար:

Կալեսցի միջազգային նախկին մարզիկ Կիկզ իր առաջին մրցումը Եունայթըտի հետ կատարեց մարտ 1991-ին:

Իր կազմին հետ ան 13 անգամ հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան, 4 անգամ տիրացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի, իսկ երկու անգամ ալ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքերու տիտղոսներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )