Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ամավերջի Հանդէս

 

 

 

 

 

 

 

Ուրբաթ, 21 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն պատրաստած «Մենք Ճեմարանէն ներս» տեսերիզին ցուցադրութեամբ: Ապա ԺԱ. դասարանին կողմէ  ողջերթի ուղերձ կարդաց Հրակ Տէտէեան, որ բարի երթ եւ յաջողութիւն մաղթեց կեանքի նոր հանգրուանի սեմին հասած շրջանաւարտներուն` բարձրագոյն ուսման իրենց աշխատանքներուն մէջ:

Ողջերթի խօսքէն ետք ԺԱ. դասարանէն Նարէ Աղասարգիսեան դաշնակի վրայ եւ Նարօտ Խտըրլարեան ջութակով նուագեցին Արամ Խաչատուրեանի «Ցայգերգ»-ը, որմէ ետք աւարտական դասարանէն Փաթիլ Գէորգեան (կիթառ), Ալեակ Լատոյեան (կիթառ) եւ Անի Անտոնեան (ջութակ) յաջորդաբար նուագեցին Բ. Կանաչեանի «Օրօր»-ը եւ Ա. Այվազեանի «Երեւան»-ը, ապա Գարին Տէյիրմէնճեան երգեց «Սարերի հովին մեռնեմ»: Հանդէսի գեղարուեստական բաժինի աւարտին աւարտական դասարանի աշակերտները ասմունքեցին Զարեհ Խրախունիի «Լեռը»:

Աւարտական սերունդին կողմէ ուղերձ կարդացին Թալին Քերթեշեան եւ Փաթիլ Պապիկեան: Քերթեշեան ըսաւ. «Սիրելի Ճեմարան, ուսումնական այս հանգրուանի աւարտը կը թելադրէ բաժնուիլ քեզմէ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը Ճեմարան մը պիտի տանի իր հոգիին մէջ, ու պիտի դառնանք մշակները հայ ժողովուրդին: Գիտակից քայլերով կը շարունակենք մեր ընտրած ուղին` տանելով մեզի հետ յիշատակներ, ցանկութիւններ: Ցտեսութիւն: Մենք միշտ ձեզի հետ ենք»: Պապիկեան ըսաւ. «Այսօր կը գտնուինք նոր կեանքի մը, նոր աշխարհի մը, տարբեր շրջապատի մը առջեւ, ուր բոլորս անհամբեր ու հետաքրքիր ենք մտնելու: Սակայն դիմացէն փչող քամին ուժգին է ու երբե՛ք չի ձգեր, որ մեր սրտերը բաժնուին անցեալէն` մեր դպրոցէն… Սակայն մեր Հայ Ճեմարանը մեզ զօրաւո՛ր մեծցուցած է, ու մենք քաջաբար պիտի նետուինք ապագայի նորութիւններուն մէջ` վստահաբար յիշելով մեր դպրոցը, քամիին սուլոցին շնորհիւ, որ միշտ կը զանգէ մեր ականջներուն մէջ: Ճեմարանէն մեկնած ժամանակ, ահա կը սորվիմ վերջին դասս, այս անգամ կեանքի դաս մը` «Գիտակից ըլլալ արագ թռչող ժամանակին, որովհետեւ ետդարձը անկարելի է»: Մնաս բարո՛վ Ճեմարան»:

Հրաժեշտի ուղերձներէն ետք, Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար: Թապագեան Խաժակ արժանացաւ աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ աւարտական դասարանի գիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Կարօ Սիւրմէլեան» մրցանակներուն, երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Գէորգեան Փաթիլ: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»-ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն` Պէրպէրեան Փաթիլ, իսկ գիտական բաժինէն` Թապագեան Խաժակ: Տեկիրմենճեան Ճեսիքա արժանացաւ աւարտական դասարաններու արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան» մրցանակին: Գերազանց արդիւնքներ ապահովող եւ միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն Պէրպէրեան Փաթիլ եւ գիտական բաժինէն Գէորգեան Փաթիլ: «Ջահակիր»-ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացան Անտոնեան Անի եւ Լատոյեան Ալեակ: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Մերտխանեան Նարօտ: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակը ստացաւ Խիւտավերտեան Կալի: Ժ. դասարանի  հայերէնի եւ հայոց պատմութեան լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Հուրի Պերթիզլեան» մրցանակին արժանացաւ Ֆերմանեան Ռիթա: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Նաճարեան Յակոբ եւ Աղասարգիսեան Լալիկ, որ արժանացաւ նաեւ ծառայասէր ու հոգատար աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք  տնօրէնը ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրոցի միամեայ գործունէութեան մասին: Ան նախ անդրադարձաւ  85-ամեայ Համազգայինի սկզբնական նպատակին` «Հասնող սերունդին կրթութիւնը, հասակաւորներու ինքնազարգացումը եւ հայագիտութեան մշակումը… ազգային ոգին, դաստիարակութիւնը եւ մշակոյթը համահայկական են, ուրեմն` զարգացնել հայ մշակոյթը եւ լեզուն ապակուսակցական, ապահատուածական, ապադաւանական եւ ապատեղացիական ոգիով», Լեւոն Շանթի ամփոփ տարազումով` պատրաստել «լաւ մարդեր եւ լաւ հայեր», այսինքն` ընդհանուր գիտութեան տէր, հայեցի դիմագիծ ունեցող, հայ մշակոյթին, հայկական աւանդութիւններուն քաջածանօթ, Հայաստանին ու Հայ դատին նուիրուած յանձնառու նոր սերունդ: «Դժուար գործ է,- ըսաւ տնօրէնը,- կրկնակի պարտաւորութիւն կայ: Ամէն մարդու համար սովորական ուսումն ու կրթութիւնը, որ կրնայ լաւ մարդ արտադրել, ինչպէս նաե՛ւ` լաւ հայը, այսինքն երկրէն դուրս` Հայաստանին նուիրեալ քաղաքացին»:

«Այս տարի ինծի համար յոբելենական է,-շարունակեց Տիգրան Ճինպաշեան,- 50 տարի առաջ աւարտած եմ Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, զուգադիպութեամբ` այդ տարի նոյնպէս 24 շրջանաւարտ էինք: Մեր սերունդը լաւ բերք էր` ուսուցիչներ, տնօրէններ, ճարտարապետներ, մտաւորականներ, դասագիրքերու հեղինակներ ու հասարակական գործիչներ: Կը մաղթեմ, որ այս սերունդն ալ լաւ բերք ըլլայ»:

Ճեմարանի ուսումնական աշխատանքին որակը անդադար բարելաւելու ուղիին մասին տնօրէնը ըսաւ, որ տնտեսական իմաստով եւս դժուար գործ է: Այս բարելաւումներուն անհրաժեշտ  նիւթական կարեւոր ներդրումներուն համար տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան յատկացումներուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներու օժանդակութեան:

Իր խօսքէն ետք Տ. Ճինպաշեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեանը` մասնակցելու վկայականներու յանձնումին: Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.

Գրական ճիւղէն` Աղասարգիսեան Լալիկ, Անտոնեան Անի, Պէրպէրեան Փաթիլ, Տեքերմենճեան Ճեսիքա, Տէյիրմենճեան Գարին, Հալէպլեան Կալի, Քերթեշեան Թալին, Ներսէսեան Գալին, Սարեան Անի, Թորոսեան Պեթի, Ալեքսանդրեան Նիկոլ, Ղարիպեան Սերժ, Կօշկակարեան Նշան, Գէորգեան Րաֆֆի, Գլըպոզեան Կարօ, Լոզոյեան Արամ, Նաճարեան Յակոբ:

Գիտական ճիւղէն` Արամալեան Արազ, Պապիկեան Փաթիլ, Գէորգեան Փաթիլ, Գույումճեան Վարդի, Լատոյեան Ալեակ, Արապաղեան Մայք, Թապագեան Խաժակ:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )