ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը

ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԳԻԶԻՐԵԱՆ

ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանին կարեւորութիւնը կը կայանայ ոչ միայն մարմնակրթութեան մէջ, այլ նաեւ` հոգեկանի: Երեխային ֆիզիքական առողջութիւնը անհրաժեշտ է այնքան, որքան` հոգեկանի խաղաղութիւնը:

1993 եւ 1994 թուականներուն տեղի ունեցած Կազդուրման կայանը Այնճարի մէջ, որ կը վայելէր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը, մեծին եւ փոքրիկին մտքին, հոգիին մէջ շատ գեղեցիկ տպաւորութիւն ձգած էր, ինչպէս նաեւ` Այնճարի բնակիչներուն, որոնք ամէն օր կը լսէին փոքրերուն երգերուն ձայնը, մարզանքի սուլիչին ձայնը, առաւօտեան դրօշակի արարողութեան ընթացքին երգուած քայլերգին ձայնը, եւ կը լսէին ազգային երգերը Այնճարի փողոցներուն մէջ, կը տեսնէին քայլարշաւները: Այնճարի ընտանիքները եւ մասնաւորաբար մեր տղաքը, որոնք պահակութիւն կ՛ընէին գիշերները, եւ մեր փոքրիկները կը վայելէին անոնց առատաձեռնութիւնը ամէն ձեւով:

Վտիտ եկած երեխան կը վերադառնար տուն նուազագոյն 1-3 քիլոկրամ վրայ դրած: Այս զոյգ թուականներուն Կազդուրման կայանը տեղի ունեցած է երեք հանգրուաններով: Մեր թիւը կը հասնէր 75-80 փոքրիկի` իւրաքանչիւր հանգրուանին (15 օր): Անոնք կը սորվէին շատ հետաքրքրական նիւթեր, որոնք կը ծառայէին անոնց մտային եւ հոգեկան զարգացման: Անոնք տուն կը վերադառնային առողջ, ուրախ եւ զուարթ` իրենց անցուցած գեղեցիկ օրերը պատմելով ուրիշներուն:

Շնորհակալութի՛ւն ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան:
Շնորհակալութի՛ւն բարերարներուն:
Վարձքը կատար կամաւոր աշխատողներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES