Վկայութիւն

ԳԱՐՈԼԻՆ ՓՈՒՇԵԱՆ-ԹԵՐԶԵԱՆ

Որբ եւ կարիքաւոր երեխաներուն հետ գործունէութիւն ծառայելը ե՛ւ մարդասիրական ե՛ւ անհատականութեան կազմաւորման իմաստով ունին իրենց կարեւոր նշանակութիւնն ու արժէքը: 15 տարիներ առաջ ստանձնեցի ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի պատասխանատուութիւնը` երեք շաբաթներու ընթացքին ապրելով երեխաներուն հետ ու բաժնելով անոնց ուրախութիւններն ու ցաւերը:

60 երեխաներուն ու պատանիներուն հետ ունեցայ ջերմ կապուածութիւն: Անոնցմէ շատեր ունէին գուրգուրանքի եւ հոգատարութեան կարօտը, եւ բոլոր կարելիութիւններս ի գործ դրի օգտակար դառնալու, օժանդակելու… Երեխաներուն ժպիտով կը ստանայի հոգեկան գոհունակութիւն եւ այդ զգացումը ամէնէն թանկագինն ու արժէքաւորն է:

Կեանքիս մէջ անոնք եղան անմոռանալի օրեր, որոնց ընթացքին շատ բաներ սորվեցայ, շատ մը դժուարութիւններ յաղթահարեցի, փոխուեցայ: Երբեք կարելի չէ մոռնալ այն պահը, երբ երեք երեխաներու մօրը մահուան լուրը փոխանցելու պատասխանատուութիւնը վերցուցի ու մեծ դժուարութիւններով փոխանցեցի, ցաւը բաժնեցի ու փորձեցի մեղմացնել… Դիւրին չէ առանց ծնողի մնալը եւ իւրաքանչիւր մարդ արարած, որ կարելիութիւն ունենայ որբ եւ կարիքաւոր երեխաներուն օգտակար դառնալու, պէտք է իր կարելիութիւններով ընէ այդ մէկը:

Փափաքս էր, որ Կազդուրման կայանը ունենայ յատուկ կառոյց մը, բան մը, որ այս տարի արդէն դարձաւ իրականութիւն, ինչ որ շնորհաւորելի եւ գնահատելի է:

Երանի ունենանք ընկերութիւն մը, ուր ո՛չ մէկ հայ կարիքաւոր կայ, ո՛չ մէկ որբ իսկ… Բայց բնութեան օրէնքն ու ընկերատնտեսական պայմանները չեն կրնար օգնել կամ չեն օգներ: Բարեբախտաբար ԼՕԽ-ը երեք շաբթուան համար այս երեխաներուն համար կը ստեղծէ հաճելի, ուրախ եւ դաստիարակիչ մթնոլորտ:

Ուստի, երիտասարդները պէտք է ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի անձնակազմին մաս կազմելով եւ աշխատանքներուն մասնակցելով` երեխաները կազդուրեն, եւ փոխարէնը` իրենք հոգեկան եւ մարդկային արժէքներով կազդուրուին…

 

Share this Article
CATEGORIES