Անմոռանալի Օրեր ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանէն

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծ է դերը Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, որ իր թեւերը լայն բացած կը բժշկէ հայ ժողովուրդի կարիքաւորները` թէ՛ մարմնական առողջութիւն պարգեւելով, եւ թէ հոգեպէս ուրախացնելով զանոնք, իրականացնելով անոնց գրեթէ բոլոր երազները: Ահա այս գիտակցութեամբ է, որ ԼՕԽ-ը հիմը դրած է Կազդուրման կայանին, որպէսզի առողջ մթնոլորտի մը մէջ ուրախութիւն պարգեւէ հայ կարիքաւոր փոքրիկներուն, որոնք կու գան տարբեր շրջանակներէ եւ մէկտեղուելով ուրախ պահեր կ՛անցընեն:

Կազդուրման կայանը բազմաբովանդակ կառոյց մըն է եւ կաղապարուած չէ որեւէ գաղափարախօսութեամբ: Կազդուրման կայանի նպատակն է առողջ մթնոլորտի մէջ ուրախութիւն պարգեւել այն բոլոր փոքրիկներուն, որոնք զրկուած են անկէ, նաեւ առողջ եւ բնական մթնոլորտի մէջ օրեր ապրելու առիթ ստեղծել: Այնտեղ հայ փոքրիկը ուրոյն դպրոցի մը մէջ կը փորձէ սորվիլ կենցաղին հետ կապ ունեցող զանազան երեւոյթներ, կը զբաղի զանազան տեսակի խաղերով, որոնք կը զարգացնեն անոր միտքը: Այնտեղ կը սորվի ազգային երգին արժէքը` միշտ լսելով եւ հնչեցնելով զայն իր մանկական շրթներէն: Կը սորվի ընկերաբար ապրիլ եւ կեանքը բաժնեկցիլ իրեն նման պատանիներուն հետ, կը սորվի միատեղ ապրիլ` զօրացնելով իր անհատականութիւնը: Կազդուրման կայանը այն իտէալ վայրն է, ուր հայ մանուկը կը ստանայ ազգային եւ ընկերային դաստիարակութիւն:

Որպէս երեք տարուան փորձառութիւն ունեցող պատասխանատու` տարուէ տարի աւելիով տպաւորուած եմ անով եւ ինծի համար իսկապէս անմոռանալի դարձած են Կազդուրման կայանի ամէն մէկ փոքրիկ, որուն հետ երեք շաբաթուան տեւողութեամբ հաճելի եւ անմոռանալի պահեր անցուցած եմ: Անոնց աչքերուն մելամաղձոտ նայուածքները փորագրուած են մտքիս ու հոգիիս մէջ: Երբ Կազդուրման կայանի անունը լսեմ, մեծ գոհունակութիւն կը զգամ, որովհետեւ կարելիս ըրած եմ, որպէսզի իւրաքանչիւր փոքրիկի սրտին մէջ զարգանայ ազգային ոգին: Գոհացած կը զգամ, որ կրցած եմ հայօրէն դաստիարակել օտար երկրի մը մէջ մեծցած նորահաս սերունդ մը` կապելով զանոնք հայրենիքին, դարձնելով զանոնք հաւատարիմ` անցեալի ժառանգութեան:

Այսուհետեւ, Կազդուրման կայանը պէտք է դառնայ հայ մտքին, հայ բազուկին ու հայ ոգեկանութեան անձնուրաց պահակը, որ պէտք է դաստիարակէ այն սերունդը, որ ներկայիս ենթակայ է ձուլման վտանգին: Կազդուրման կայանը պէտք է ըլլայ վաղուան սրբազան հայրենիքի հրաշակերտ տաճարին սիւներէն մէկը` տէր կանգնելով անոր նորահաս սերունդին, գոհացնելով անոնց կարիքները եւ կապելով զանոնք հայ ազգին:

ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը ներկայ ժամանակներու հայ իրականութեան մէջ պէտք է մնայ իբրեւ հայ նորահաս սերունդները իրար զօդող զօրաւորագոյն կազմակերպութիւնը, իր ամէն տեսակի գործունէութիւններով ու խոյանքներով, նուիրեալներու փաղանգներով: Ան պիտի շարունակէ մնալ հայ մանուկին փարոսը:

Մենք ալ մեր կարգին պէտք է գուրգուրանք այդ փարոսին ու անոր պահապանը ըլլանք` քաջ գիտակցելով ԼՕԽ-ի նուիրական գործին ու ամէն ճիգ ի գործ դնելով` վառ պահելու համար անոր բոցկլտուն ջահը:

Բարի երթ ԼՕԽ-ի նորակառոյց Կազդուրման կայանին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES