Կեանքի Դպրոցը

ՇՈՂԱԿ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ահաւասիկ հինգ տարիները անցան հինգ օրերու նման, Կազդուրման կայանը եղաւ սիրոյ ու գուրգուրանքի կեդրոն: Բազմաթիւ մանուկներ եւ մենք դարձանք մէկ ընտանիք:

Մենք հոն չէինք միայն սորվեցնելու, այլ նաեւ` սորվելու: Ոչ միայն տալու, այլ նաեւ` ստանալու:

Սորվեցանք նուիրել մօր մը գուրգուրանքը, սորվեցուցինք յարգանք ու ընկերասիրութիւն, տուինք խրատներ, համեստութեան, կենցաղավարութեան եւ մարդասիրութեան:

Ա՛յս է Կազդուրման կայանը:

Հասկնալ մանուկի մը հոգեբանութիւնը, անոր հետ լալ ու խնդալ: Արժեւորեցինք մանուկի կեանքի պարզութիւնը, անբծութիւնը, անմեղութիւնը:

Մեզի համար եղաւ վերյիշեցում, թէ հարկ է, որ մենք ալ կեանքը դիտենք ու ապրինք մանուկի պարզութեամբ:

Մեր յայտագիրները միշտ կ՛ըլլային ճոխ ու հարուստ: Մանուկները ուրախ եւ խանդավառ, խմբապետները` կայտառ եւ աշխուժ, իսկ մայրիկները` մաքրասէր, ճշդապահ եւ տաղանդաւոր խոհարարներ:

Ո՛չ միայն մանուկները եղան սերտ ընկերներ, այլ մենք ալ, որպէս խմբապետական կազմ, մնացինք Կազդուրման կայանի բարի  յիշատակներով լեցուն բարեկամներ:

Բոլորիս վրայ միշտ կը հսկէր Այնճարի լուսաշող արեւը, պայծառ երկինքը, կը վայելէինք անոր զուլալ ջուրը, պապենական հողը եւ հիւրասէր բնակչութիւնը:

Հարկ է յիշել, որ Կազդուրման կայանը կը գտնուէր գիւղին բարձրագոյն վայրին մէջ, որ կը դիւրացնէր մեր աշխատանքները:

Այս բոլորը դրական ազդեցութիւն ունէին մեր մանուկներուն վրայ, որոնք Այնճարը կը նկատէին փոքր Հայաստան:

Քաղաքէն հեռու, բնութեան մէջ գտնուող հայկական գիւղ մը, հեռու աղմուկէ, փողոցէ եւ չարագործութիւններէ, Կազդուրման կայանը փոխեց անոնց մտային, հոգեկան ու ֆիզիքական մթնոլորտը:

Կազդուրման կայանը եղաւ կեանքի դպրոց, ուր մանուկներ կազդուրուեցան, մենք ալ` նոյնպէս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )