Ոչ Սովորական Դպրոց

ԻՐՄԱ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

Սովորական մեր գիտցած դպրո՞ցն է:
– Ո՛չ, իւրայատուկ դպրոց մըն է:

Ամառնային խաղավայր-դպրո՞ց է:
– Ո՛չ, ամառնային ծրագիր մըն է, սակայն սովորական ամառնային խաղավայր մը չէ:

Սկաուտական կամ պատանեկան բանակո՞ւմ է:
– Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ, այդ ալ չէ:

Հապա ի՞նչ է ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր կը գործադրուի:

– ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը այն ծրագիրն է, որ իր հովանիին տակ կը համախմբէ 60-ի շուրջ պատանիներ` զանազան ընտանիքներէ եւ շրջանակներէ, որոնք պէտք ունին խնամքի` ըլլայ այդ սննդական, ֆիզիքական, հոգեկան եւ ընկերային. պէտք ունին առողջ միջավայրի` իր ամբողջական հասկացողութեամբ:

Դիտողը կը կարծէ, թէ այս ծրագիրը կրնայ դիւրութեամբ յաջողիլ, բայց ձեզի կը վստահեցնեմ, որ այս ծրագրի ետին կանգնած են մեծ թիւով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, բարեկամ-բարեկամուհիներ, բարերարներ եւ կամաւորներ, որոնք կը հաւատան, որ ձեռք ձեռքի տալով` կարելի է յաջողցնել ծրագիր մը, ուր, երեւակայեցէ՛ք, տարբեր շրջապատէ ու տարբեր մտածելակերպի պատկանող, տարբեր դաստիարակութիւն ունեցող եւ տարբեր պարագաներու պատանիներ քով-քովի բերել, իրարու բարեկամ դարձնել եւ երեք շաբթուան ընթացքին մէկ անձի վերածել:

Դո՛ւք ըսէք` դիւրի՞ն է, թէ՞ դժուար:

Բոլորի՛ն վարձքը կատար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )