ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գործունէութեան 83-ամեայ երթը լաւագոյն վկան է հայ կնոջ, սփիւռքահայ կնոջ, մօր գիտակից զոհողութեան, անսակարկ ծառայութեան, ստեղծագործ մտքին, բարոյական արժէքներուն ու հայութեան գոյատեւումին նկատմամբ նախանձախնդրութեան աւելի եւս կազմակերպուած հաւաքականութիւն դառնալուն, հզօրացումին հաւատացող ու անոր համար գործող անխոնջ ու հպարտ հայուհին:
Բազմաճիւղ գործունէութեամբ հարուստ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը այսօր իր 26 մասնաճիւղերուն մաս կազմող աւելի քան 3000 անդամուհիներու կամաւոր աշխատանքով կը շարունակէ 83 տարիներ առաջ վերոնշեալ նպատակով հիմնուած ու հարիւրաւոր կամաւոր հայուհիներու տքնաջան աշխատանքով ու քրտինքով հարստացած` իր ընկերային ու առողջապահական սպասարկութիւնը, հայ աշակերտին եւ ուսանողին կրթութեան նիւթական օժանդակութիւնը, հայ կնոջ ու մանուկին յաւելեալ զարգացման ու տիպար հայ մօր պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ հայ կնոջ ստեղծագործութեան պահպանումին ու տարածումին` առանց մոռնալու հայ մանուկին ու պարմանին առողջ մարմին ապահովելով, անոր շնորհելու առողջ միտքը:
Եւ կայ աւելի առաքինի ու վեհ նպատակ` առողջ մարմին ու պայծառ մտքով աճած, հասակ առած ու մեծցած հայ ապագայ սերունդին կերտումը, որուն լաւագոյն արտայայտութիւնն է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հիմնադրութեան առաջին օրերէն Շրջանային վարչութեան կողմէ հիմնուած «Ամառնային կազդուրման կայան»-ը:
ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Հայոց 1915-ի կոտորածներուն յաջորդեց 1939-ի գաղթականութիւնը, երբ Սանճաքէն եւ Ալեքսանդրեթէն տեղահան եղած հայութիւնը, լիբանանահայ ազգայիններու կարգադրութեամբ, կայք հաստատեց եւ տեղաւորուեցաւ Պեքաայի Շթորա հիւղաւանին մէջ:
Այս գաղթական հայրենակիցներուն անմիջական եւ հոծ կարիքները հոգալու համար օրուան Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը Շթորայի մէջ հիմնեց նոր մասնաճիւղ մը, որուն նորակազմ վարչութիւնը շուտով գործի լծուեցաւ` օժանդակելով իւրաքանչիւր գաղթականի սնունդով, դեղորայքով կամ այլք: Յանկարծակի հայ բնակչութեան աճը շրջանին մէջ սեփական եկեղեցիի եւ վարժարանի մը գոյութեան անհրաժեշտութիւնը անխուսափելի դարձուց:
Ուստի Շթորայի ԼՕԽ-ի վարչութիւնը զանազան ձեռնարկներու միջոցով գոյացուցած հասոյթով եւ ազգին վերընձիւղման հաւատացող ազգայիններու նուիրաբերումով, մասնավճարով գնեց հողաշերտ մը, որուն վրան կառուցուեցաւ եկեղեցի մը եւ փոքրիկ վարժարան մը, որ կոչուեցաւ «Աղբալեան» վարժարան, ազգային գործիչ, մտաւորական Նիկոլ Աղբալեանին կատարած գերազանց ներդրումին համար:
Հայոց պատմութիւնը կը վկայէ, թէ հայ կինը, թէեւ աննկատ ու համեստ, միշտ ճգնաժամային պահերուն պահպանած է հայու արժանապատուութիւնը եւ իր ամբողջ էութեամբ նպաստած է հայու գոյատեւման պայքարին. այս կիներու շառաւիղին պատկանող Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անդամը, որ ինքնին մայրն է ժողովուրդին, նախանձախնդիր իր զաւակներու դաստիարակութեան եւ առողջութեան, մշակեց յատուկ ծրագիր մը` զանոնք կազդուրելու:
Արդարեւ, իւրաքանչիւր ամրան հայկական վարժարաններէն հաւաքեց հիւանդկախ ու տկար մանուկները եւ ամսական դրութեամբ օդափոխութեան տարաւ Շթորայի «Աղբալեան» վարժարան, ուր կազդուրման կողքին, ԼՕԽ-ականներու հսկողութեամբ խաղախառն, դաստիարակիչ եւ կենցաղավարական գիտելիքներով հարստացան: «Աղբալեան»-ի մէջ փոքրիկները կը կազդուրուէին, իսկ ԼՕԽ-ականները, հակառակ սպառիչ աշխատանքին, անյագ գոհունակութեամբ կը պարուրուէին:
Այսպէս ընթացաւ մինչեւ Լիբանանի կործանարար քաղաքացիական պատերազմը, երբ բռնագրաւուեցաւ Շթորայի «Աղբալեան» վարժարանը, հայոց այլ բնակարաններու կարգին. սակայն Լիբանանի օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը ձեռնածալ չմնաց եւ իր առաքելութեան յանձնառու քայլով մը կատարեց այլ դասաւորում, որուն իբրեւ արդիւնք` 1978-էն ցայսօր ամէն ամառ մեր կարօտեալ փոքրիկները կը բարձրանան Այնճար` կազդուրուելու մանկավարժ հսկիչներու ջերմ հոգատարութեան ներքեւ, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ, վարժարանի տնօրէնութեան շնորհակալ աջակցութեամբ:
Կազդուրման կայանի աւանդութիւնը տարուէ տարի շարունակուեցաւ հաւատաւոր ԼՕԽ-ականներու ջանքերով, անոնք իրենց նախնիներու քայլերով ընթացան ի սէր եւ յօգուտ ազգին` հաւատալով, որ այսօրուան ֆիզիքապէս եւ մտքով առողջ հայ մանուկը պիտի դառնայ վաղուան ազգի առաջնորդը:
ԼՕԽ-ականին այս հաւատարմութիւնն ու յարատեւութիւնը ԼՕԽ-ին ընծայեց իր գործունէութեան հաւատացող եւ վստահող բարերարներ, այս վստահութիւնը դրսեւորուեցաւ հայ փոքրիկին սեփական կազդուրման կայան պարգեւելով:
Արդարեւ, Գըլպաշեան ընտանիքին ազնուական նուիրատուութեամբ կառուցուեցաւ ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի սեփական շէնքը, որ ի յիշատակ իրենց ծնողներուն` կոչուեցաւ «ԼՕԽ-ի Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան կազդուրման կայան», որուն հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի 7 յուլիս 2013-ին:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնն ու ԼՕԽ-ի ամբողջ ընտանիքը կ՛ողջունէ այս ազգօգուտ արարքը եւ կը մաղթէ, որ ան դառնայ վարակիչ, որպէսզի հանրութեան օգտին ձգտող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն հեզասահ եւ անխոչընդոտ աւարտի յաջողութեան պսակով:


