Փարիզ Սեն Ժերմեն Շատ Հաւանաբար Իր Կազմին Միացնէ Խաւի Ալոնսոն

Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող միջնապահ Խաւի Ալոնսօ շատ հաւանաբար մաս կազմէ Փարիզ Սեն Ժերմենի, կը յայտնէ ԱՍ:

ArmFootball.com լուրը հաղորդելով կ՛աւելցնէ, որ Սեն Ժերմենի նոր մարզիչը` Լորան Պլան բարձր կը գնահատէ 31 տարեկան մարզիկին ունեցած յատկութիւնները` նշելով սակայն, որ թէ երկու ակումբներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ, Մարքօ Վերրաթթի պիտի մեկնի հակառակ ուղղութեամբ:

Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Ռէալ Մատրիտի հետ 28 մրցում կատարած Ալոնսոյով հետաքրքրուած են նաեւ Չելսի եւ Ա. Սէ. Միլան: Անոր փոխանցումը կը գնահատուի 15 միլիոն եւրոյով:

Share this Article
CATEGORIES