ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ՀԱՐԻՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳ ԻՇԽԱՆԻՆ ՀԵՏ
Հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ռիատէն վերադարձաւ Պէյրութ:
Նշենք, որ նախքան իր վերադարձը, Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Սուլթան պըն Ապտել Ազիզի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախկին նախարար Պասեմ Սապաա եւ Հարիրիի խորհրդականներ Նատեր Հարիրի եւ Հանի Համմուտ, ինչպէս նաեւ սէուտցի բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական, շրջանային եւ միջազգային նորագոյն զարգացումները:
«Լիուա» օրաթերթին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին Սուլթան պըն Ապտել Ազիզ իշխանը Հարիրիին յայտնած է, որ Ռիատ կը զօրակցի Լիբանանին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ամրապնդելու անոր ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու անոր քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւնը: