ՊԸՐՐԻ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻՆ ԵՒ ՔՈՆԵԼԼԻԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՈՒՄԻՆ ԱՌՈՒՄՈՎ ՄԱԿ-ի ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Դեսպան Քոնելլի եւ խորհրդարանի նախագահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ շեշտեց, որ Լիբանան առաւելագոյն չափով իրաւունք ունի օգտուելու վառելանիւթի իր հարստութենէն:

Ան նշեց, որ երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ միակ միջոցը` լուծելու լիբանանցիներուն միջեւ ծագած հարցերն ու տարակարծութիւնները:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի, որ յայտնեց, թէ  Միացեալ Նահանգներն ու միջազգային հանրութիւնը Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան հետ իրենց վարուելակերպը պիտի ճշդեն ըստ անոր կազմուածքին եւ աշխատանքային ծրագիրին:

Հանդիպումներուն ընթացքին Պըրրի հաստատեց Լիբանանի ծովային սահմանագծումին անհրաժեշտութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի օժանդակութեան կարեւորութիւնը: Ան նաեւ ընդգծեց, որ ատիկա կարեւոր է ու անհրաժեշտ ամբողջ շրջանին կայունութեան եւ Լիբանանի տնտեսական բարգաւաճման համար:

Ըստ Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներուն, Ուիլիըմզ եւ Քոնելլի հասկացողութիւն ցուցաբերած են այդ հարցին առումով եւ խոստացած են Պըրրիի ներկայացուցած հարցը փոխանցել Նիւ Եորք եւ Ուաշինկթըն:

Նշենք, որ զոյգ հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցան երեսփոխան Ալի Պեզզի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:

Միւս կողմէ, Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը իր սովորական ընթացքին մէջ է եւ այդքան բարդ հարցեր չի դիմագրաւեր:

Պըրրի նշեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի համբերատար, հմուտ եւ ճկուն է հարցերը կլորցնելու քաղաքականութեան մէջ:

Խորհրդարանի նախագահը դիտել տուաւ, որ ոչ ոք` նոյնիսկ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, կը մերժէ, որ կառավարութեան մէջ հանրապետութեան նախագահը ունենայ իր բաժինը, սակայն կան որոշ կեցուածքներ, որոնք խնդրայարոյց են:

Անդրադառնալով Դիմադրութեան զէնքին դէմ պայքարող կողմերուն` Պըրրի շեշտեց, որ այդ պայքարը անհեթեթ է եւ քաղաքական թէ ազգային ոչ մէկ հորիզոն ունի:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS