Վենեզուելա Ապաստան Առաջարկած Է Սնոուտընի. Սնոուտըն Ապաստան Խնդրած Է Նիքարակուայէն

Էտուըրտ Անոուտըն

Նիքարակուական լրատուամիջոցներ հրապարակեցին «Սի.Այ.Էյ.»-ի, Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի 30 յունիսին գրած նամակը, որուն մէջ ան այդ երկրի իշխանութիւններէն կը խնդրէ իրեն ապաստան տրամադրել:

Նշենք, որ Նիքարակուայի նախագահ Տանիել Օրթեկա յայտնած էր, որ իր երկիրը ապաստան պիտի տրամադրէ ամերիկացիին, «եթէ պայմանները թոյլ տան»:

Սնոուտըն իր նամակին մէջ կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը զինք կը հետապնդէ, որովհետեւ ինք հրապարակած է գայթակղութիւն յառաջացնող շարք մը տեղեկութիւններ: Սնոուտըն իր կացութիւնը համեմատած է գաղտնի նիւթերու հրապարակումով զբաղող «Ուիքիլիքս» կայքէջի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժի եւ շարքային զինուորական Պրետլի Մենինկի կացութիւններուն հետ: Վերջիններս եւս Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդումի կ՛ենթարկուին:

Նախկին աշխատակիցը եզրափակած է իր նամակը` ըսելով, որ արդար դատավճիռի յոյս չունի, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնուելու պարագային իրեն ցկեանս բանտարկութիւն կամ մահապատիժ կը սպառնայ:

Սնոուտըն արդէն հասցուցած է ապաստան խնդրել տասնեակ մը երկիրներէ, որոնցմէ շատերը անոր դիմումը մերժած են: Միայն Վենեզուելա եւ Պոլիվիա պատրաստակամութիւն յայտնած են նախկին գործակալը ընդունելու:

Սնոուտըն յունիսի սկիզբը լրատուամիջոցներուն փոխանցած էր գաղտնի տեղեկութիւններ ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններու աշխատանքին, մասնաւորաբար հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ու նամակագրութեան հետեւելու վերաբերեալ:

Ըստ որոշ աղբիւրներու, Սնոուտըն 23 յունիսէն ի վեր կը գտնուի Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանին չէզոք գօտիին մէջ: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները անոր անձագիրը չեղեալ յայտարարած են, այդ պատճառով ան չի կրնար օդակայանի տարածքը լքել:

Շաբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ Վենեզուելա Սնոուտընի քաղաքական ապաստան առաջարկած է: Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարած է, որ իր երկիրը այդ քայլին դիմած է` երիտասարդին «հիւսիսամերիկեան կայսերական հետապնդումէն» պաշտպանելու համար` նշելով, որ ան «աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ կառավարութիւններէն մէկուն կողմէ» հետապնդումի կ՛ենթարկուի:

Մատուրօ յոյս յայտնած է, որ Սնոուտըն կրնայ ապրիլ «Պոլիվարի եւ Չաւեսի ազատ հայրենիքին մէջ»:

Ապաստան տրամադրելու` Սնոուտընի խնդրանքը ստացուած է Վենեզուելայի մէջ Մոսկուայի դեսպանատունէն: Առայժմ յստակ չէ, թէ ան պիտի օգտուի՞ Քարաքասի առաջարկէն, թէ՞ ոչ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )