«Եգիպտոս Դէպի Քաղաքացիական Պատերազմ Կ՛ուղղուի» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ յայտնեց, որ «Եգիպտոս քաղաքացիական պատերազմի մէջ ներքաշուելու վտանգը կը դիմագրաւէ»: Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ իր կարգին յայտնեց, որ ինք «Եգիպտոսի զարգացումներուն մտահոգութեամբ» կը հետեւի:

Ան ըսաւ, որ «Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ դէպքերու բնոյթին նայեցէք. մենք անոնց ամբողջովին կապուած ենք: Այդ հարցերը բոլորիս վրայ կ՛ազդեն»:

Փութին ըսաւ, որ «Սուրիա քաղաքացիական պատերազմի դաշտ է, եւ որքան ալ ցաւալի թուի, ապա Եգիպտոս նոյն ուղղութեամբ կ՛ուղղուի»: Ան յոյս յայտնեց, որ «եգիպտացի ժողովուրդը այդ հաւանական ժխտական զարգացումէն կը խուսափի»:

Եգիպտոսի սալաֆական «Նուր» կուսակցութեան գերագոյն մարմինի անդամ Շարիֆ Թահա յայտնեց, որ «Տըսթուր» կուսակցութեան ղեկավար Մոհամետ Պարատէյի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու յարմար անձնաւորութիւնը չէ, եւ իրենց կուսակցութիւնը զինեալ ուժերուն եւ քաղաքական ուժերուն հետ ժողովին ընթացքին այս կարծիքը յայտնած է:

Ան «Մասրի Եոմ» օրաթերթին յայտնած է, որ Պարատէյիի թեկնածութեան առաջադրումը իսլամական հոսանքի զաւակներուն մօտ լուսանցքայնացումի եւ յուսաբեկման զգացումներ կը յառաջացնէ` նշելով, որ Պարատէյի իսլամականներուն դէմ կեցուածքներ ունի: «Նուր» կուսակցութեան գերագոյն մարմինի անդամը ըսաւ, որ Պարատէյիի թեկնածութեան առաջադրումը կը հակասէ քաղաքական ուժերուն եւ պաշտպանութեան նախարար զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի միջեւ համաձայնութեամբ գոյացած ճամբու քարտէսին:

Եգիպտական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ երկրին նախագահութիւնը «Նուր» կուսակցութեան բուռն ընդդիմութեան պատճառով ետդարձ կատարած է Պարատէյիի թեկնածութիւնը վարչապետութեան պաշտօնին առաջադրելու մտադրութենէն:

Եգիպտոսի նախագահութեան բանբեր Ահմետ Մուսլումանի յայտնեց, որ վարչապետի նշանակման հարցին շուրջ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, եւ կառավարութեան կամ անոր վարչապետին անունին յայտարարման համար ճշդուած ժամկէտ մը գոյութիւն չունի: Ան նաեւ նշեց, որ Իսլամ եղբայրները կրնան մասնակցիլ երկրին մէջ կատարուելիք նոր ընտրութիւններուն:

Մինչ այդ, Փենթակոն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ ուրբաթ եւ շաբաթ օր երեք անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր եգիպտացի պաշտօնակիցին հետ: Սպիտակ տունը իր կարգին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա կը դատապարտէ Եգիպտոսի մէջ բռնարարքներու շարունակումը եւ որեւէ կուսակցութեան կամ խմբակի կողմնակից չէ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ եւ վերջինիս մտահոգութիւն յայտնած «Եգիպտոսի մէջ ժողովրդային կամքը անտեսող զինուորական յեղաշրջումէն ետք Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթի կասեցման առնչութեամբ»` աւելցնելով, որ պէտք է կարելի եղածին չափ շուտով ընտրութիւններ կայանան եւ քաղաքային կառավարութիւն մը կազմուի:

Գետնի վրայ, մինչ Մուրսիի համակիրներն ու հակառակորդները երէկ դարձեալ Եգիպտոսի տարբեր հրապարակներուն վրայ ցոյցեր կատարեցին, Սինայի մէջ անծանօթ զինեալներ Յորդանանին բնական կազ փոխադրող խողովակաշարը ականահարեցին: Հիւսիսային Սինայի մէջ 3 ոստիկաններ վիրաւորուեցան, երբ ինքնաշարժէ մը անոնց վրայ կրակ բացուեցաւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES