Ըստ Սահակաշվիլիի. Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիի Վրացական Հատուածի Կառուցման Համար Տակաւին Երկու Տարի Պիտի Պահանջուի
«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի յայտարարած է, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի վրացական հատուածին կառուցման համար յաւելեալ երկու տարի պիտի պահանջուի:
«Այսօր համոզուեցայ, որ մեր հատուածին շինարարութիւնը պիտի աւարտի երկու տարիէն ոչ առաջ», նշած է Վրաստանի ղեկավարը` Ջաւախքի շրջանին մէջ ընթացող շինարարական աշխատանքները աչքէ անցընելէ ետք:
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի ընդգծած է, որ նոր երկաթուղին Լոնտոնը պիտի միացնէ Փեքինի հետ, ինչ որ Վրաստանի համար ճամբայ կը բանայ դէպի Եւրոպա:
CATEGORIES Միջազգային

