Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ խորհրդարանին կողմէ գումարուելիք օրէնսդրական նիստը սահմանադրական է` աւելցնելով, որ քաղաքական ուժերը թող համաձայնին օրակարգի մը շուրջ, եւ ինք կ՛երաշխաւորէ լիագումար նիստին ելքը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ռազմավարական մակարդակի վրայ Հըզպալլայի հետ իրենց փոխըմբռնումը տակաւին առկայ է:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ Ապրայի մէջ արձանագրուած զինեալ միջադէպերուն մասին բացուած հետաքննութիւնը պէտք է սկսիլ Ահմետ Ասիրը ֆինանսաւորող կողմերուն ինքնութեան բացայայտումէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ Լիբանանի մէջ ոչ պետական զէնքի գոյութիւնը:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի ապահովական ծրագիրներէն ոչ մէկը լրջօրէն գործադրուած է:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց Ապրայի միջադէպին մասին թափանցիկ հետաքննութիւն բանալու` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը հեղինակազրկելը խիստ մերժելի է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք խօսելով «Մուսթաքպալ» հոսանքին մասին յայտնեց, որ վերջինս յաջողած է Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը սրել եւ երկփեղկումը խորացնել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը քաջալերած է միջքրիստոնէական երկխօսութիւն կատարելու առումով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ երկրին ներկայ կացութիւնը ապառողջ է եւ այս հարցին լուծման միակ միջոցը ազգային երկխօսութիւնն է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ահմետ Ասիր ողջ առողջ է եւ կը գտնուի Սուրիոյ մէջ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, իսրայէլեան ռազմափորձեր տեղի կ՛ունենան Կոլանի բարձունքներուն վրայ` Հըզպալլայի դէմ հաւանական պատերազմի մը մտահոգութեամբ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ գոյացած հաշտութիւնը իսկական չէ եղած, որովհետեւ Ամալ շարժումի միլիսը տակաւին գոյութիւն ունի եւ կը գործէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, բացայայտուած են յստակ տեղեկութիւններ` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին սպանութեան թիրախ դարձնելու մասին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ արշաւը միայն զինք թիրախ չի դարձներ, այլեւ` ամբողջ Լիբանանի ապագան:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն իշխանութիւնները իրենց երկիրներէն լիբանանցի քաղաքացիները վտարելու քայլին դիմելէն աւելի մեծ են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ այս հանգրուանին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը իմաստուն քայլ է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ մերժելի է այն իրականութիւնը, որ լիբանանեան քաղաքական որոշ կողմի մը կառավարութեան մէջ մասնակցութիւնը արգիլուած ըլլայ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի չկազմուի, մինչեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պաշտօնավարութեան աւարտը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ պէտք է կազմեն չէզոք կառավարութիւն մը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի չի փափաքիր վերադառնալ իր նախկին պաշտօնին:

