«Հըզպալլայի Եւ Պքերքէի Միջեւ Երկխօսութեան Նիստ Մը Պիտի Կայանայ» Շեշտեց Մազլում Եպիսկոպոս

Մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ այս շաբթուան ընթացքին Հըզպալլայի եւ Պքերքէի միջեւ պիտի կայանայ երկխօսութեան նիստ մը:

Մազլում եպիսկոպոսը ըսաւ, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան նպատակն էր Լիբանանի գոյութեան դէմ ցցուած սպառնալիքներուն առումով վտանգի փողեր հնչեցնել, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն յայտնել, որ եթէ իրենք այս ձեւով շարունակեն, ապա իրենք պիտի ուղղուին դէպի Լիբանանի քանդումը:

Միւս կողմէ, Մազլում եպիսկոպոսը նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը Պքերքէ այցելած է նախապէս Ռայի պատրիարքին հետ ճշդուած ժամադրութեան մը հիման վրայ եւ ոչ իբրեւ արձագանգ` Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հաղորդագրութեան:

Share this Article
CATEGORIES