Ֆիյոն Այցելեց Շարք Մը Ղեկավարներու, Ռայի Պատրիարքին Եւ Զօր. Քահուաժիի

Ժեմայէլ եւ Ֆիյոն

Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոն անցեալ շաբաթավերջին հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Ֆիյոն նախ հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ շրջանին նկատմամբ Ֆրանսայի օժանդակութեան կարելիութիւնները:

Ֆիյոն այցելեց նաեւ Ռապիէ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան:

Հանդիպումէն ետք Ֆիյոն մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Ֆիյոն Պիքֆայայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան միջինարեւելեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ժեմայէլ մաղթեց, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով զօրակցի «Պաապտայի յայտարարութեան»:

Ֆիյոն իր կարգին յայտնեց, որ քննարկուած են այն հեռանկարները, որոնց հիման վրայ Ֆրանսա կրնայ օժանդակել Լիբանանի ժողովրդավարութեան ամրապնդումին եւ պահպանումին:

Ֆիյոն այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն հաստատելու կարելիութիւնները:

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի իր կարգին Եարզէի մէջ ընդունեց Ֆիյոնը, որ դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )