50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱՄԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՇԷՆՔԻՆ

Սին Էլ Ֆիլի Ազգային Արամեան երկսեռ վարժարանը մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով կատարեց բացումը նոր յարկաբաժինին, որ ամբողջութեամբ տրամադրուած է նախակրթարանի կարգերուն: Օրուան նախագահն էր Քերովբէ Պոլեան, մինչ հովանաւորութիւնը կը վարէր Լիբանանի թեմին առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան:

Կիրակի, 21 մայիս 1961, կէսօրէն ետք ժամը 4:00-ին, կոկիկ բազմութիւն մը կը լեցնէր վարժարանիս բակը, ուր կը գտնուէին նաեւ ազգային այլ երեւելի դէմքեր: Ի մէջ այլոց վարժարանիս նորակառոյց շէնքին բարերար տոքթ. Վահան Կէօչերեան, որ ազնուօրէն 3000 լ. ոսկիի գումարը նուիրած է դասարանի մը շինութիւնը ստանձնելով. այս պատճառով ալ դասարան մը իր անունով կոչուեցաւ:

Հանդէսը կը սկսի լիբանանեան եւ վարժարանի քայլերգներով: Տնօրէն Սարգիս Պալեան բացման խօսքը կ՛արտասանէ եւ հակիրճ կերպով կը բացատրէ դպրոցին կատարած յառաջդիմութիւնը` վերջին եօթը տարիներու ընթացքին. դպրոցը հիմնուած է 1935-ին:

Հոգաբարձութեան ատենապետ Ռուբէն Հացագործեան խօսք առնելով` նոյն յառաջդիմութեան վրայ աւելի կը ծանրանայ եւ մասնաւոր կերպով շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն բոլոր անձերուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք ամէն տեսակէտով նպաստած են նոր շէնքին կառուցման:

Վարժարանիս երգչախումբը շատ յաջող կերպով կ՛երգէ նաեւ «Ծառիս տակը կանաչ է»` ղեկավարութեամբ Սերոբ Գալայճեանի: Աւարտական կարգէն Մարիամ Կէօվօղլանեան ապրումով կ՛արտասանէ «Բարձրացի՛ր» բանաստեղծութիւնը:

Ապա խօսք կը տրուի սրբազան հօր, որ հոգեշունչ ճառով մը կը բացատրէ ծնողներուն, թէ հայ դպրոցը եւ հայ եկեեղցին սիւներն են մեր նոր սերունդին ազգապահպանման պայքարին մէջ: Պարտականութիւն կը յայտարարէ հայ պզտիկները հայ դպրոց ղրկել եւ կը շեշտէ, որ փոքրերուն համար նախ միջավայրն է, որ կ՛ազդէ, յետոյ` ընտանիքը: Սրբազան հայրը կը յայտնէ իր անկեղծ եւ ուրախ տպաւորութիւնը` ըսելով. «Ամէնէն երջանիկը կը նկատեմ ինքզինքս, երբ ազգային նման արարողութեան մը ներկայ կ՛ըլլամ: Երկար ծափահարութիւններու կ՛արժանանայ սրբազան հայրը:

Աւանդական ժապաւէնը կը կտրէ օրուան նախագահ Քերովբէ Պոլեան, եւ սրբազանը իր հետեւորդներով կը շրջի դասարանէ դասարան, ամէն դուռի առջեւ ժապաւէնը կտրելու կը հրամցնէ պատուոյ հիւրերը` հերթով:

Նոյն պահուն հիւրերը «Սեւըն ափ»ով կը զովանան, որ ձրիօրէն եւ սիրայօժար տրամադրուած էր ընկերութեան տնօրէնութեան կողմէ: Հանդիսականները իրենց կարգին վեր ելլելով` կը դիտեն գեղեցիկ շինութիւնը:

Ժողովուրդը շատ լաւ տպաւորուելով կը հեռանայ վարժարանէն: Վստահ ենք, որ ամէն ոքի մտքին մէջ կար սա մտածումը. «Պարոն Պալեան եւ դպրոցին հոգաբարձութիւնը իրապէս լաւ կը գործեն»: Արդարեւ, այս ջանքերով, չենք վարանիր ըսելու որ շատ մօտ ապագայի մէջ դպրոցը պիտի ունենայ նաեւ իր սեփական եկեղեցին եւ ժողովրդապետութիւնը: Անդրագոյն յաջողութիւններ կը մաղթենք…

Վ. Ճ.

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ

Շրջանի «Նաւասարդ» ակումբ վարչութիւնը ատենէ մը ի վեր լուրջ աշխատանքի էր լծուած` իրագործելու համար Համազգայինի մասնաճիւղի մը կազմութեան իր որոշումը:

Ուստի, նոյն նպատակով, 13 մայիսի երեկոյեան, «Նաւասարդ» ակումբի սրահին մէջ կայացուցած էր խորհրդակցական հաւաքոյթ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին խումբ մը ուսումնական երիտասարդ-երիտասարդուհիներ` հիմնադիր անդամի հանգամանքով:

Պէյրութէն ժամանած էին ընկերներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Ս. Վրացեան եւ գործավար` Օ. Մելիքսեթեան:

Հանդիպումը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ս. Վրացեան հակիրճ կերպով բացատրեց Համազգայինի նպատակն ու դերը մեր իրականութեան մէջ, իսկ Օ. Մելիքսեթեան միութեան ծրագրէն ու կանոնագրէն կարդաց կարեւոր յօդուածներ: Ապա ընդհանուր ուրախութեան մէջ հիմը դրուեցաւ շրջանի մասնաճիւղին եւ ընտրուեցաւ եօթը հոգինոց վարչութիւն մը:

Նոր մասնաճիւղը մեծ դեր ունի կատարելիք գաղութիւն մէջ, մշակութային գետնի վրայ:

Կը մաղթենք, որ կարենայ լեցնել այդ մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող պարապը:

Յաջորդ օրը կիրակի, նոյն սրահին մէջ Ս. Վրացեանի կողմէ տրուեցաւ դասախօսութիւն` Համազգայինի դերի մասին: Ներկայ էր կոկիկ բազմութիւն մը:

Ընկերը սքանչելի կերպով վերլուծեց մայր հայրենիքէն դուրս գտնուող հայութեան վիճակը` սկսելով Խորհրդային Ռուսիոյ տարածքին տարտղնուած զանգուածներէն, որոնք ամբողջութեամբ լճացուած են եւ` Հայաստանի կառավարութեան հոգածութենէն զրկուած, մտահոգիչ համեմատութեամբ կը դիմեն դէպի ռուսացում: «Լուրջ մաշում մը` անձայն, «առանց ելքի»:

Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ապրող հայութիւնը նոյն վտանգին ենթակայ է: Նոր սերունդը դարձած է անհաղորդ` մեր արժէքներուն եւ անտարբեր` իր ցեղի ձայնին: Սակայն, ահա՛ տարբերութիւնը: Հետաքրքրուող ունին իրենցմով. կան հայրենակցական եւ բարենպատակ միութիւններ, մանաւանդ` եկեղեցի եւ դպրոց, որոնք գլխաւոր  ազդակներն են ազգապահպաման, որոնք կրնան հոգեվարքը երկարաձգել… գեղեցիկ օրերու յոյսով:

Ամէնէն ապահով գաղութները կ՛ապրին արաբական հիւրընկալ երկիրներուն մէջ: Հայութիւնը ամուր է հոս, բազմաթիւ վարժարաններ, հազարաւոր աշակերտութիւն: Հայութիւնը կ՛ուռճանայ մանաւանդ Լիբանանի մէջ, որ դարձած է մշակոյթի կեդրոն: Կուսակցութիւնները, որպէս քաղաքական գործօններ, չեն կրնար ազգային միութիւն ապահովել: Կայ միայն մշակոյթը` ամէն հայու սրտին մօտիկ, բոլորին համար հարազատ, զուտ ազգայինը, որ կրնայ իր շուրջը համախմբել բոլոր գոյները, զօրաշարժի ենթարկել, խթանել ազգային ոգին, կենսունակութիւնը, ցեղային հան  ճարը, եւ տալ մեր զանգուածներուն լիաբուռն, բարձունքներ առաջնորդել զայն: Քանի մը մեծ, բիւրեղացած հայեր, գիտակցելով մշակոյթի դերին, տասնամեակներ առաջ հիմը դրին Համազգայինին, որ քալեց այդ ճամբով, արձակեց բազմաթիւ ճիւղեր, մեծցաւ եւ մեծցուց հայութիւնը հայութեամբ:

Ան սփիւռքի տարածքին վրայ պիտի շարունակէ իր ընթացքը նոյնքան յաղթականօրէն, մինչեւ որ իրականանայ ամբողջական հայութեամբ Հայաստանի մը իր լուսեղէն երազը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES