ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՏԵՍԱԿԻ ՍՈՒՆԿՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ՄՐՋԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԿԵՐՊՈՎ ՀՍԿԱՅ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ

Մայիսի սկիզբը ամերիկացի անասնագէտներու կողմէ Թայլանտի անձրեւոտ անտառներուն մէջ ապրող մրջիւններուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ երբ այս վերջինները վնասակար տեսակի սունկով մը վարակուած են, անոնց մարմինը արտասովոր կերպով հսկայ դարձած է:

Մասնագէտները գտած են, թէ նշեալ տեսակի սունկը վնասած է մրջիւններուն ջղային համակարգին` մղելով զանոնք, անբնական վարուելակերպ ունենալու: Այսուհանդերձ, անգամ մը, որ սունկը ամբողջութեամբ իր հակակշիռին տակ առած է մրջիւնին ջղային համակարգը, կրցած է իրեն նպաստող շարժումներ յառաջացնել անոր մօտ ու ապա սկսած է բազմապատկուիլ:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները գործածած են յատուկ մանրադիտակներ, որոնց միջոցով դիտած են մրջիւններուն մարմնին մէջ սունկի աճման գործընթացը: Այսուհանդերձ, անոնք գտած են, թէ աճող սունկը սկսած է դանդաղօրէն տարածուիլ մրջիւններուն գլխուն ու մարմնին մէջ եւ փճացուցած է անոնց մկանները` իրարմէ անջատելով մկանները կազմող բնաթելերը: Միեւնոյն ատեն պատճառ դարձած է, որպէսզի սովորական մեծութիւն ունեցող մրջիւններուն մարմինը արտասովոր կերպով հսկայ դառնայ:

Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ մրջիւններուն հսկաներու վերածուելու գործընթացը տեւած է մօտաւորապէս 3 – 9 օր: Սունկով վարակուելէն անմիջապէս ետք որեւէ փոփոխութիւն չէ նկատուած անոնց մօտ: Այսուհանդերձ, անոնք շարունակած են իրենց սովորական կեանքը` ապրելով իրենց բոյներուն մէջ եւ սովորաբար ուտելով իրենց որսացած փոքր միջատները:

Սակայն ատեն մը ետք, երբ սունկը ինքզինք բաւարար տարածած է մրջիւններուն մարմնին մեծ մասին մէջ, այս վերջինները սկսած են արտասովոր կերպով վարուիլ:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի միջատաբան Տէյվիտ Հիուկզ նկատած է, թէ սունկը հսկաներու վերածուած մրջիւնները հետաքրքրականօրէն սատկցուցած է կէսօրին:

ԽՈՆԱՒ ՎԱՅՐԵՐԸ ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ`
ՍՈՒՆԿԻՆ ԲԱԶՄԱՊԱՏԿՈՒԵԼՈՒՆ

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտները արդէն իսկ տարիներէ ի վեր կը հետեւին սունկերուն ու մրջիւններուն միջեւ զարգացած կապին մանրամասնութիւններուն: Այսպէս, օրինակ, 2009-ին անոնք գտած են, թէ սունկերը ունին իրենց պատճառով հսկաներու վերածուած մրջիւններուն ուղղութիւնը ճշդելու առանձնայատկութիւն: Մինչ առողջ մրջիւնները հազուադէպօրէն կը մոլորին ծառերուն կոճղերուն երկայնքին իրենց ճշդած ուղղութենէն: Միւս կողմէ, հսկաներու վերածուած մրջիւնները ասդին անդին կը թափառին` շուարած վիճակ մը պարզելով` նկատի ունենալով, որ անոնց շարժումները հակակշռող ջղային համակարգը վնասուած է սունկին պատճառով:

Անոնք կը տառապին նաեւ յանկարծակիօրէն յայտնուող ջղային ցնցումներէ, որոնք պատճառ կը դառնան, որ անոնք դուրս գան անտառին մէջ իրենց ունեցած բնական միջավայրէն եւ սկսին թափառիլ համեմատաբար աւելի խոնաւ ու պաղ միջավայրերու մէջ, գլխաւորաբար` խոնաւ հողը անմիջականօրէն ծածկող տերեւներուն վրայ:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ սունկը մղած է, որ հսկայ մրջիւնները ուղղուին դէպի խոնաւ վայրեր` նկատի ունենալով, որ այդ վայրերուն պայմանները կը նպաստեն սունկին բազմապատկուելուն:

Այսուհանդերձ, մրջիւնները քանի մը օր շարունակ տերեւներուն վրայ թափառելէն ետք, անոնց մէջ աճող սունկը մղած է զանոնք շատ ամուր խածնելու խոնաւ տերեւներէն մէկը: Ապա մրջիւններուն գլխուն մէջ բազմապատկուող սունկի բջիջները իրարմէ անջատած են անոնց ծնօտին մկանները կազմող բնաթելերը: Նշեալ երեւոյթը պատճառ դարձած է, որ մրջիւններուն կզակը անշարժանայ, եւ անոնք չկարենան բանալ իրենց բերանը ու ձերբազատիլ տերեւէն: Անգամ մը, որ մրջիւններուն կզակը անշարժացած է, սունկը արտադրած է թոյն, որ սատկեցուցած է զիրենք:

ՍՈՒՆԿԻ ՍԵՐՄԵՐ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ԱՅԾԻ
ԵՂՋԻՒՐՆԵՐՈՒՆ ՆՄԱՆՈՂ ԿԵՐՏՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

Մասնագէտները յայտնած են, թէ մրջիւններուն խածած տերեւը կայուն վայր մը ստեղծած է իրենց մարմինէն դուրս սունկին աճին համար` նկատի ունենալով, որ մրջիւններուն ոչնչանալէն ետք սունկը անոնցմէ դուրս գալով` տերեւներուն վրայ տարածուած է: Այսուհանդերձ, մրջիւններուն սատկելէն քանի մը օր ետք սունկը, շարունակելով աճիլ անոնց գլխուն մէջ, այծի եղջիւրներուն նմանող կերտուածք մը յառաջացած է այնտեղ, որուն մէջ սերմեր կազմուած են: Ապա այդ կերտուածքը ճեղքուելով` սունկի սերմերը դուրս եկած են անկէ ու սանձարձակօրէն տարածուած են ամէնուրեք` այլ մրջիւններու մարմնին մէջ թափանցելով:

Մասնագէտ Հիուկզ ըսած է, թէ մրջիւններուն սունկով վարակուելէն մինչեւ սատկիլն ու անոնց գլխուն վրայ յառաջացած կերտուածքներէն սունկի սերմերուն դուրս գալը տեւած է մօտաւորապէս 2 -3 շաբաթ: Ան նշած է, թէ մրջիւնները դէպի տերեւները մղելու եւ զանոնք խածնել տալու սունկին ունեցած կարողութիւնը գոնէ մասամբ մը կախեալ է միջավայրին պայմաններէն` նկատի ունենալով, որ եթէ հողը շատ չոր է, ապա սունկը կը յետաձգէ հողը ծածկող տերեւները խածնել տալը ու կը սպասէ իր աճին նպաստող խոնաւ պայմաններու ստեղծման:

Մասնագէտները գտած են, թէ տերեւները խածած մրջիւններուն մեծ մասը յայտնուած են իննսունհինգ առ հարիւր տարողութեամբ խոնաւ եղող վայրերու մէջ, որոնց ջերմաստիճանները հասած են 20 – 30 աստիճան սելիսուսի:

ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՍՈՒՆԿԸ ՄՐՋԻՒՆՆԵՐԸ
ԿԷՍՕՐԻՆ ԿԸ ՍԱՏԿԵՑՆԷ…

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ սունկը մրջիւնները սատկեցնող թոյնը արտադրած է կէսօրին, երբ միջավայրին հասնող արեւուն ճառագայթներուն տարողութիւնը ամէնէն բարձրը եղած է: Սակայն ցարդ մասնագէտներուն համար յստակ չէ մրջիւնները սատկեցնելու գործընթացին մէջ արեւուն ճառագայթներուն ունեցած դերակատարութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի սունկին արտադրած թոյնին, ապա անիկա թիրախ դարձուցած է մրջիւններուն ջղային համակարգն ու ուղեղը` մասնաւորաբար ազդելով անոնց շարժումները հակակշռող ջիղերու բջիջներուն վրայ:

Մասնագէտ Հիուկզ կը նախատեսէ, որ նման ուսումնասիրութիւն մը նպաստէ կենսաբանական տեսակի միջատասպան դեղերու պատրաստութեան` նկատի ունենալով, որ կարգ մը տեսակի մրջիւններ, օրինակ փայտամրջիւնները, կրնան վնասել շինարարութիւններու` իրենց բոյները կազմելով խոնաւ փայտերու մէջ:

 

ԿՈՅՐ ՈՒ ԱՌԱՆՑ ՍՐՈՒՆՔԻ ՆՈՐ ՏԵՍԱԿԻ ՄՈՂԷԶ ՄԸ
ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ` ՔԱՄՊՈՏԻՈՅ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Մայիսի կէսերուն խումբ մը սողունաբաններ Ասիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Քամպոտիոյ լեռներուն վրայ գտած են նոր տեսակի մողէզ մը, որ կոյր ու առանց սրունքի եղած է: Նշեալ տեսակի մողէզին երկայնքը եղած է տասնհինգ սանթիմեթր:

Անիկա մաս կը կազմէ աւելի քան երկու հարիւր տեսակի առանց սրունքի մողէզներու ընտանիքին:

Վերջին տասնամեակին անասնագէտներ աշխարհի տարածքին գտած են մօտաւորապէս յիսուն նոր տեսակի սողուններ, որոնց շարքին է նաեւ նշեալ տեսակի մողէզը:

Սողունաբանները կոյր ու առանց սրունքի մողէզը գտած են Քամպոտիոյ հարաւարեւմտեան բաժինը գտնուող Քարտամեմ լեռներուն վրայ իրենց կատարած հետազօտութիւններուն ընթացքին` գետին տապալած ծառի մը կոճղին տակէն:

Սկիզբը անոնք կարծած են, թէ նշեալ տեսակի մողէզը ծանօթ եղող մողէզներու մէկ տեսակին պատկանած է, սակայն, երբ սկսած են մանրամասնօրէն ուսումնասիրել զայն, գտած են, թէ անիկա իր տեսքով տարբեր եղած է անոնցմէ:

Այլ սողունաբաններու համաձայն, հնագոյն ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած առանց սրունքի մողէզները եղափոխուելով` վերածուած են օձերու: Իսկ առանց սրունքի մողէզները օձերէն տարբեր եղած են` մողէզի կարգ մը յատկանիշները պահելով, օրինակ` արտաքին ականջները:

Բրածոյ անասուններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներու կարծիքով, հնագոյն ժամանակներուն առանց սրունքի մողէզներուն կոյր տեսակը գոյութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն, ժամանակի ընթացքին, անիկա հասած է Ասիա:

Նոր տեսակի մողէզին յայտնաբերումը կատարող սողունաբաններէն` Նէանկ Թայ հաւանական գտած է, թէ անիկա գոյութիւն ունեցող այլ տեսակի առանց սրունքի մողէզներուն նման կ՛ապրի ստորերկրեայ վայրերու մէջ եւ, հետեւաբար, կարիքը չունի սրունքներու եւ կամ աչքերու:

Սողունաբանները նշած են, թէ նոր տեսակի մողէզը կրնայ իր քիթին միջոցով ստանալ իր ուղղութիւնը եւ, այդպիսով, կրնայ որսալ որդեր, մրջիւններ ու ճճիներ:

Մասնագէտները նշած են, թէ կոյր ու առանց սրունքի նոր տեսակի մողէզը յայտնուած է միայն սահմանափակ տարածութեան մը մէջ` նկատի ունենալով, որ գոյութիւն ունին միջավայրին սպառնացող կարգ մը վտանգներ, ինչպէս, օրինակ անհակակշիռ տարողութեամբ կատարուած փայտահատութեան պատճառով յառաջացած հողի սահանքն ու կլիմայական պայմաններուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւնները, որոնք կրնան վտանգել անոնց գոյութիւնը:

Հետեւաբար անոնք յանկարծ կրնան մեծ թիւով յայտնուիլ միջավայրին մէջ ու ապա կարճ ժամանակի մը մէջ կրնայ ուշագրաւ կերպով նուազիլ անոնց թիւը:

 

ԾՈՎՈՒՆ ԱՒԱԶԷՆ ՄԵՂՐԱԽՈՐԻՍԽԻ ՆՄԱՆՈՂ ԳԼԱՆԱՁԵՒ
ԿԵՐՏՈՒԱԾՔՆԵՐ ԿԱԶՄՈՂ ՈՐԴԵՐՈՒՆ ԱՐՏԱԴՐԱԾ ՍՈՍԻՆՁԸ
ԿՐՆԱՅ ՆՊԱՍՏԵԼ ՓՇՐՈՒԱԾ ՈՍԿՈՐՆԵՐՈՒ
ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ…

Վերջերս ծովային միջավայրերու ուսումնասիրութեամբ զբաղող ամերիկացի մասնագէտներ Քալիֆորնիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ յայտնաբերած են որդեր, որոնք մեղրախորիսխի նմանող գլանաձեւ կերտուածքներ կազմած են աւազներէն: Նշեալ կերտուածքներուն պատճառով այդ որդերը կոչուած են նաեւ աւազի վրայ դղեակներ կազմող որդեր:

Անոնք մութ սրճագոյն են եւ իրենց գլխուն վրայ կը կրեն թագի նմանող մութ կապոյտ գոյնի շօշափուկներ: Անոնց երկայնքը կը հասնի մինչեւ 7,5 սանթիմեթրի:

Նշեալ որդերը կ՛ապրին խումբերով եւ աւազին վրայ միասնաբար կը կազմեն մեղրախորիսխի նմանող գլանաձեւ կերտուածքները:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ նշեալ որդերը կ՛ապրին գլխաւորաբար ժայռոտ ծովեզերքները, որոնք ընդհանրապէս ունին միջակ եւ կամ նուազ տարողութեամբ մակընթացութիւն ու տեղատուութիւն: Անոնք կրնան մինչեւ երկու մեթր տարածութիւն ունեցող մեղրախորիսխի նմանող գլանաձեւ կերտուածքներ կազմել աւազներէն: Նշեալ կերտուածքները ընդհանրապէս կը կազմուին դուրս ցցուած ժայռերու ճեղքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` ծովեզերքներուն փոսերուն մէջ, որոնք իբրեւ պատսպարան կը ծառայեն անոնց:

Մասնագէտները գտած են, թէ ծովային այդ որդերը իրենց ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընեն աւազով կազմուած մեղրախորիսխի նմանող գլանաձեւ կերտուածքներուն մէջ: Այսուհանդերձ, տեղատուութեան ընթացքին, անոնք մութ գոյնի մազմզուկներով կազմուած վահանաձեւ խփիկներով կը փակեն նշեալ կերտուածքներուն մուտքը: Իսկ երբ շուտով կը ծածկուին այդ կերտուածքները, անոնք աւազուտ գլաններէն դուրս կ՛երկարեն իրենց շօշափուկները, որպէսզի ուտելիքներու մասնիկներ, ինչպէս նաեւ աւազի հատիկներ բռնեն:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ որդերը հետաքրքրականօրէն ընտրած են իրենց բռնած աւազի հատիկները եւ մեղրախորիսխի նմանող գլանաձեւ կերտուածքներուն նորոգութեան համար պահած են լաւագոյն հատիկները, իսկ մնացեալ հատիկները արտաքսած են ջուրերուն մէջ:

Անոնք նշած են նաեւ, թէ որդերը գլանաձեւ կերտուածքներուն կազմութեան համար իրենց ընտրած աւազի հատիկները իրարու փակցուցած են` յատուկ տեսակի բնասպիտներէ բաղկացած սոսինձ (կպչուն նիւթ) արտադրելով:

ՋՈՒՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՍՈՍԻՆՁԸ…

2005-ին ամերիկացի խումբ մը հետազօտողներ յաջողած են տարրալուծարանին մէջ պատրաստել սոսինձին բաղկացուցիչ բնասպիտներուն կերտուածքով բնասպիտներ, որոնք կպչուն եղած են:

Իսկ 2009-ին խումբ մը այլ մասնագէտներ կրցած են պատրաստել այդ որդերուն արտադրած սոսինձին կրկնօրինակը: Մասնագէտները գտած են, թէ նշեալ սոսինձը օժտուած է կենսաբանական յատկութիւններով եւ հաւանական գտած են, թէ անիկա կրնայ իբրեւ կպչուն նիւթ ծառայել փշրուած ոսկորներ ունեցող մարդոց տրուած դարմանումի գործընթացին:

Այսուհանդերձ, երբ հետագային կարելի ըլլայ նշեալ ծիրին մէջ կատարուելիք փորձարկումներէն ձեռք ձգել խոստմնալից արդիւնքներ, ապա տարրալուծարանին մէջ բարդ համակուտակումներով պատրաստուած կպչուն նիւթը կրնայ փշրուած ոսկորները իրարու միացնել` փոխանակ նշեալ նպատակին համար ներկայիս օգտագործելի գամերու ու պտուտակներու նման մետաղէ կազմածներ գործածելու:

Մեղրախորիսխի նմանող աւազուտ գլանաձեւ կերտուածքները

Մասնագէտները հետամուտ են այդ յատուկ կպչուն նիւթը գործածելու նաեւ գանկերեսային ոսկորներուն ու եղջերիկներուն ճեղքուածքներուն դարմանումին մէջ:

 

Մասնագէտները գտած են, թէ սոսինձին պարունակած բնասպիտները բաղկացած են լուսածնատէ ու ամին կոչուած քիմիական նիւթէ մը, որոնք ծանօթ են կպչուն եղող իրենց յատկութեամբ: Որդերուն արտադրած սոսինձին բաղկացուցիչները անջատաբար կազմուած են անոնց մարմնին մէջ երկու տարբեր մասերու բաժնուած գեղձի մը մէջ ու ապա իրարու միացած են արտադրուած ատեն: Սոսինձին կարծրանալը տեւած է երեսուն երկվայրկեան:

ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՏԱՐԲԱՂԱԴՐՈՒԻԼ…

Ցարդ մասնագէտները տարրալուծարանին մէջ պատրաստուած սոսինձը փորձարկած են անասուններու վրայ եւ նկատած են, թէ անոնց մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգը որեւէ հակազդեցութիւն չէ ունեցած անոր դէմ: Միւս կողմէ, սակայն, անոնք հետամուտ են, որ սոսինձը սկսի տարբաղադրուիլ ա՛յն արագութեամբ որ կ՛աճի ոսկորին հիւսկէնը: Հետեւաբար նման գործընթացի մը համար մասնագէտները սոսինձին պատրաստութեան մէջ ներառած են այնպիսի՛ կերտուածքով բնասպիտներ, որոնք ատեն մը ետք կը կտրտուին մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգին պատկանող բջիջներուն միջոցով:

Սոսինձ արտադրող ծովային անասուններու շարքին են նաեւ կարգ մը տեսակի ձկնականջները, ոստրէներն ու կռախեցիները:

 

Անասնագիտական էջը պատրաստեց՝
ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES