Հենրիխ Մխիթարեան Վերջապէս Ունեցաւ Նոր Ակումբ Մը` Պորուսիա Տորթմունտը

Շուրջ ամիս մը տեւած ձգձգումներէ եւ անորոշ վիճակի մէջ մնալէ ետք, Շախտիոր Տոնեցքի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան վերջապէս ունեցաւ նոր ակումբ մը, երբ նախորդ շաբաթավերջին միացաւ գերմանական անուանի ակումբի մը` Պորուսիա Տորթմունտին:

Արդէն իսկ գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթը այս մասին գրած էր նախորդ շաբաթավերջին:

Հայրենի 24 տարեկան մարզիկին Տորթմունտ փոխանցումը արժեց 27,5 միլիոն եւրօ` փոխան երեք տարուան պայմանագիրի մը կնքումին:

Միջազգային մամուլին համաձայն, շատ հաւանաբար Մխիթարեան տարիով մը եւս երկարաձգէ իր ստորագրած այդ պայմանագրութիւնը:

Այսպիսով, Մխիթարեանը իր կազմին միացնելով Տորթմունտ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Լիվըրփուլը, որ թէեւ բաւական աշխատեցաւ այս ուղղութեամբ, սակայն որեւէ դրական արդիւնքի չհասաւ:

Այսպիսով, Մխիթարեան Տորթմունտի հետ «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն մասնակցելէ բացի, ելոյթ պիտի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, ուր նախորդ տարեշրջանին անոր այժմու կազմը հանդիսացաւ փոխախոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )