Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ սննդականոնի կը հետեւիք, այսինքն ռեժիմ կ՛ընէք, գիտցէք, որ երբեմն նման վերաբերում հակառակ արդիւնք կու տայ: Շարունակեցէք ձեր պարզ կերակրականոնը, որ աւելի օգտակար է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անցեալը մոռնալ չ՛ըլլար, բայց դուք մնացէք օրուան իրականութեան հետ` ապրելով բնական կեանքով: Մնացէք իրատես եւ լաւատես միշտ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ մթնոլորտը հաճելի չի թուիր ձեզի, կրնաք ստեղծել նոր եւ իմաստուն խօսք մը` բարելաւելու խօսակիցներուն տրամադրութիւնը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ արձակուրդի մէջ էք, արկածախնդրութիւնները արտօնելի կրնան ըլլալ. չափաւորութեան սահմանին մէջ զուարթ եղէք եւ լաւատես:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի օգտուիք բնութեան բարիքներէն, եթէ եթէ նախաձեռնէք դուրս գալ ձեր փակուած շրջապատէն: Այս օրերուն բնութիւնը բարիք կը բերէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գերզգայուն ըլլալէ հեռու մնացէք: Հարկ է ըլլալ նաեւ անտարբեր, երբ ձեր շուրջը տեսնէք անիմաստ տրամադրութիւն ստեղծող շատախօսներ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամներու հետ աշխատիլը երբեմն դժուարութիւն կը ստեղծէ: Ականջ մի՛ կախէք ըսի-ըսաւներու, կատարեցէք մասնագէտի ձեր աշխատանքը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դժուար է նախընտրութիւն մը կատարել, ընեմ-չընեմի մասին մտածել, երբ վստահ չէք կատարուելիք աշխատանքին արդիւնքին մասին: Իմաստուն եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Համբերող եղէք` նախքան մտածելը կամ սկսիլը մեծ ճամբորդութեան մը: Օրը կը թելադրէ ըլլալ խոհեմ եւ շրջահայեաց, նաեւ` իմաստուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շուկային մէջ ցուցափեղկերու առջեւ դեգերիլը անիմաստ է: Հանդարտ եղէք եւ ձեր գումարները մի՛ մսխէք անիմաստ բաներու համար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Թշնամի շահիլը ոչինչի կը ծառայէ, կեդրոնացէք դրական մտածումներու վրայ, կը սիրուիք եւ ժողովրդականութիւն կ՛ունենաք: Օրը բարի է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի պիտի յանձնուի պատասխանատու պաշտօն մը, զոր չէք ուզեր ստանձնել: Բայց պէտք է որ կատարէք, որպէսզի մնաք ձեր դերին մէջ:

