Հայկազեան Համալսարանի 156 Ուսանողներ Ստացան Իրենց Վկայականները
28 յունիս 2013-ին տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանին տարեկան վկայանաց բաշխման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին 156 ուսանողներ աւարտեցին իրենց բարձրագոյն ուսման շրջանը:
Հանդիսութեան ներկայ էին` պետական նախարար զօրավար Փանոս Մանճեան, որ կը ներկայացնէր իշխանութեան երեք պետերը, Մոհամետ Մաշնուք, որ կը ներկայացնէր նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, Հայաստանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեան, ինչպէս նաեւ` այլ հիւրեր, շրջանաւարտներուն ծնողներ եւ բարեկամներ:
Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ տոքթ. Տէյվիտ Թաուիլի առաջնորդութեամբ շրջանաւարտներուն, համալսարանին դասախօսներուն եւ, հուսկ, վերապատուելի տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանին մուտքով, ընկերակցութեամբ պատգամախօս, Ուաշինկթընի Դաշնակցային պետական դրամատնային համակարգի օգնական տնօրէն Սարգիս Եողուրթճեանի:
Ներկաները յոտնկայս լսելէ ետք Լիբանանի քայլերգը, մասնակցեցան համալսարանին հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Պրուս Շուփիի գոհաբանական աղօթքին, ապա լսեցին վերապատուելի տոքթոր Փոլ Հայտոսթեանին արաբերէնով, հայերէնով եւ անգլերէնով խօսքը:
Վերապատուելին ըսաւ, որ հանդիսութեան հաւաքուած են նշելու համար ուսումին պարգեւած արժանիքներուն կարեւորութիւնը եւ ուսման ընծայած անկախութիւնը, առ այդ` բարձրագոյն ուսում ստանալ չի նշանակեր միայն աւելի շատ գիտելիքներով զինուած ըլլալ, այլ կ՛օգնէ մարդոց հասնելու համար աւելի բարձր նպատակներու: «Մեր ընկերաքաղաքական եւ համաշխարհայնացման շրջանակին մէջ, նոր յայտնութիւններու եւ դժուարութիւններու առջեւ դէմ յանդիման կը գտնուի բարձրագոյն ուսումը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ներկայիս աշխարհի մէջ ամէն բան միաձուլելու, ինչպէս նաեւ ամէն բան քայքայման առջեւ դնելու հրամայականը կը ստիպէ, որ կրթութիւնը շատ աւելի կատարելիք գործ ունենայ իր համեստութեամբ եւ հանդուրժողականութեամբ:
Վերապատուելին ապա բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամախօս Սարգիս Եողուրթճեանը, որ մեկնելով իր անձնական փորձառութենէն` ըսաւ «Հորիզոններս լայն բանալու ընդունակութիւնը եւ հարցերուն լայնամտութեամբ մօտենալու կարողութիւնը օգնած են ինծի դիմադրելու համար կեանքին մարտահրաւէրներուն: Կը փորձեմ կարողութիւններուս հանդէպ իրազեկ եւ իրապաշտ մնալ»: Ան յորդորեց շրջանաւարտները հեռու մնալ դրամասիրութեան ծուղակէն եւ իրենց աշխատանքները կատարել սիրով, որպէսզի գործի ընտրանքը չըլլայ տխրութեան աղբիւր:
Շրջանաւարտներուն կողմէն յաջորդաբար անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով խօսք առին Ռայան Պաթլունի եւ Նանոր Բարսեղեան, որոնք խօսեցան Հայկազեան համալսարանին պարգեւած առողջ միջավայրին, բարձր ուսման եւ խօսքի ազատութեան մասին:
Աւարտին, Հայկազեան համալսարանին քայլերգը ունկնդրելէ ետք, ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան կատարեց փակման աղօթքը:
Պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի 94 վկայեալները ներկայացուց վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքի տեսուչ տոքթոր Ֆատի Ասրաուի, իսկ պսակաւոր արուեստի եւ մագիստրոսի վաթսուն շրջանաւարտներուն վկայականները յանձնեց մարդկային, ընկերային եւ գիտութիւններու բաժանմունքի տեսուչ տոքթոր Արտա Էքմեքճի:
Հայկազեան համալսարանէն այս տարեշրջանին աւարտեցին 81 հայ ուսանողներ. անոնք են`վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքի վարչագիտութեան պսակաւոր եւ տնտեսագիտութեան պսակաւոր` Ալին Աֆրամ, Յարութ Արթինեան, Փոլին Աշճեան, Խաժակ Ադամեան, Եղիա Էլի Ազնաւուրեան, Սալբի Պալտոյեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Միրէյ Պերեսեան, Ճոնի Պօղոսեան, Ժոէլ Պօղոսեան, Մարկրիտ Պուտագեան, Գարլա Տեքէրմէնճեան, Սեւակ Տեմիրճեան, Շանթ Տէրոյեան, Շողեր Կրպոյեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Թամար Կոճիկեան, Կարին Հոլոբիկեան, Լոռի Ճապարեան, Կի Ճաքմաքճեան, Մարք Ճուհարճեան, Սարին Գատուրանեան, Թամար Քարակիւլլէեան, Նանոր Գարամանուկեան, Հրայր Քէշիշեան, Նազար Քիթապճեան, Վարդան Գոճայեան, Խաժակ Գոլեան, Ճոն-Փոլ Գոնճեան, Կարէն Մահտեսեան, Կասիա Մահտեսեան, Պօղոս Մալեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Նարինէ Մալխասեան, Միրէյ Մազմանեան, Գարինա Մելքոնեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Մխիթար Մոխթարեան, Մարկրիթա Մուրատեան, Ցոլին Փամուքեան, Մարլեն Փափազեան, Նանոր Բարսեղեան, Յովսէփ Սանդուրեան, Մայք Սափսըզեան, Տիգրան Սեֆերեան, Ալին Թանկուկեան, Մհեր Տարագճեան, Նարեկ Եագուպեան, Անահիտ Եագուպեան, Րաֆֆի Եալընքաթեան, Կարէն Եփրեմեան:
Մագիստրոս վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն` Ռաֆայէլ Անտոնեան, Լուսին Պասմաճեան, Մարինա Պըլըտեան, Ալին Տեմիրճեան, Մարիա Խտրլարեան, Ռիթա Մալեան, Վիգէն Սեֆերեան:
Պսակաւոր արուեստից ընկերային եւ կենցաղային գիտութիւններու բաժանմունքէն` Ազատուհի Անտոնեան, Գոհարիկ Աբգարեան, Արփի Աւետիսեան, Ճորճ Ֆաթհալլայեան, Արա Կիւտեշեան, Արփի Գազանճեան, Շողակ Քենտիրճեան, Նանոր Քէշիշեան, Մարիա Խաչատուրեան, Սօսէ Խաչերեան, Շանթ Քիւրտեան, Պետրոս Լագիսեան, Դալար Օսէպեան, Ժիրայր Օսէպեան, Նայիրի Շորճեան, Եղիա Թաշճեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Սանան Թաշճեան:
Պսակաւոր արուեստից բանասիրութեան բանմունքէն` Դալին Գիզիրեան, Պարգեւ Սամուէլեան (պատուոյ յիշատակութեամբ):
Պսակաւոր արուեստից գիտութիւններու բաժանմունքէն` Սարին Արոյեան, Գէորգ Քրիս Ազնաւուր, Շաղիկ Չափարեան, Հերա Իտ, Մարիա Յովսէփեան, Մեղրի Կիրակոսեան (բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ):
Մագիստրոսարուեստից ընկերային եւ կենցաղային գիտութիւնններու,- Արա Գավլաքեան:

