Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Շրջանաւարտներու Նոր Փաղանգ Մը

Այս տարի Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի միջնակարգի ամավերջի հանդէսը սովորականէն տարբեր բնոյթ կը կրէր, որովհետեւ այս տարի Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանի 50 եւ նախկին Ս. Նշան վարժարանի հիմնադրութեան 110-ամեակն է: Հպարտութիւն է ըլլալ շրջանաւարտը լիբանանահայութեան կեանքին մէջ աւելի քան մէկ դարու ներդրում ունեցած վարժարանի մը հիման վրայ ստեղծուած քոլեճին, որուն դարպասէն ներս լալով մտած ու ժպտուն դէմքերով անկէ շրջանաւարտ եղած հարիւրաւոր անձերը այսօր հայկական կեանքին մէջ լծուած են տարբեր տեսակի աշխատանքներու` ի խնդիր ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սուրէն Խանամիրեաններու: Բեմին յարդարանքը արդէն կը յուշէր, որ 50 տարուան աւանդ ունեցող վարժարանի մը շրջանաւարտից հանդիսութիւնն էր:

Հոգեխառն ցնծութեամբ շրջանաւարտները դիմաւորուեցան ներկաներուն ծափողջոյններով, որոնց կշռոյթով ընթացք առաւ հանդիսութիւնը: Բացումը կատարուեցաւ Արամայիս Սահակեանի «Հայաստան» բանաստեղծութեան ասմունքով` սահիկներու ցուցադրութեամբ:

Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան նաեւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի տարբեր դասարաններու աշակերտներ` «Հայն ու Հայաստանը» եւ արաբական շուրջպարերով, անգլերէնով` «Ինսփիրէյշըն փոէմզ» արտասանութեամբ, մեներգով եւ մենապարով` «Քամանչա», արաբերէն խմբերգով` «Ռաժեհ Լուպնան», որուն կ՛ընկերակցէր սահիկներու ցուցադրութիւն, նաեւ ներկայացուեցաւ Դ. Վարուժանի «Ձօն» ասմունքը: Բաժնի եզրափակումը կատարեցին շրջանաւարտները` «Վերջին զանգ» երգով: Ցոլեր Պօղոսեան` հայերէնով, Քրիստ Տօնանեան` արաբերէնով եւ Գէորգ Գարաժապրլեան` անգլերէնով արտասանեցին ուղերձները` անդրադառնալով այս դպրոցին մէջ իրենց անցուցած անմոռանալի տարիներուն, ինչպէս նաեւ` շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ մրցանակներ ստացան վարժարանի լաւագոյն միջիններ ապահոված աշակերտները, ինչպէս նաեւ տրուեցան յատուկ մրցանակներ, որոնց կարգին` վարժարանի գերազանց աշակերտներու մրցանակը` Ալեակ Մկրեանի եւ Ռիթա Սարգիսեանի, հայերէնի լաւագոյն միջին ապահոված «Սանդուխտ եւ Հայրապետ Խաչերեան» մրցանակը` Ռիթա Սարգիսեանի, գիտական նիւթերու «Ժագ Վէքիլեան» մրցանակը` Մարիա Կրէյս Մաճարեանի, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան մրցանակներ Զ., Է. եւ Ը. կարգերու առաջին հանդիսացողներուն` Արա Գունճեանի, Նոյեմի Սարգիսեանի եւ Ռիթա Սարգիսեանի: Տիպար աշակերտի` Քրիստ Տօնանեանին, տրամադրուած խանամիրեանականներու միութեան կողմէ:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ առաջին հերթին յարգեց յիշատակը դպրոցի երկարամեայ խնամակալ, վաղաժամ մահով մեզմէ հեռացած Սերժ Գալուստեանին, որ իր ներդրումը ունեցած է դպրոցի գործունէութեան մէջ, որուն «բացակայութիւնը յաճախ պիտի զգացուի զանազան աշխատանքներու ընթացքին», ըսաւ Ն. Վէքիլեան:

Անդրադառնալէ ետք վարժարանի պատմականին եւ անոր ունեցած վճռորոշ դերակատարութեան` Լիբանանի հայութեան կազմաւորման, զարգացման եւ ամրացման գործընթացին մէջ, խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն` ըսելով. «Զօրացած Խանամիրեան քոլեճի վկայականով` դուք աստիճանաբար պիտի բարձրանաք մինչեւ համալսարան ու կեանքի ասպարէզ: Մեծ թող ըլլան ձեր երազները, կատաղի թող ըլլան ձեր ձգտումները: Միշտ նայեցէ՛ք վեր, աւելի վեր ու միայն վեր: Անվախ եղէ՛ք ու խրոխտ` ձեր կեցուածքներուն մէջ: Այն, ինչ որ սորվեցաք հոս, սկիզբն է, այո՛, բայց կենսականը` միաժամանակ»:  Ան նաեւ յուզմունքով պատկերացուց շրջանաւարտներուն անցուցած տարիները իրենց դպրոցէն ներս, «երբ արցունքոտ աչքերով, կակուղ քայլերով մուտք գործեցիք այս դպրոցի մանկապարտէզը: Լացիք, խնդացիք, խաղացիք, չարացաք, սորվեցաք, յաջողեցաք, դժգոհեցաք, բայց` միշտ քաղցր օրերը աւելի եղան տխուր օրերէն. դուք մեծցաք ձեր ուսուցիչներուն ձեռքերուն մէջ: Անոնք եղան հայր, մայր, քոյր ու եղբայր, բայց` միշտ նաեւ ձեր կրթութեան նախանձախնդիր ուսուցիչներ, որոնք այսօր անգամ մը եւս բախտը ունին իրենց ցանած սերմերուն առաջին պտուղները քաղելու: Հպարտ եղէք ձեր ուսուցիչներով: Անոնք շտկեցին ձեր ուղին, երախտապարտ եղէք անոնց»:

Ն. Վէքիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատկան մարմիններուն, բարերարներուն եւ բարեկամներուն, որոնք օժանդակած են Խանամիրեան քոլեճի աշխատանքներուն եւ վերելքին: Շնորհակալութիւն խօսք ուղղեց նաեւ վարժարանի ծնողներուն, որոնք ճիշդ ընտրանք կատարած են իրենց զաւակները վստահելով այս վարժարանին եւ անոր անխոնջ ու նուիրեալ ուսուցիչներու խնամքին ու դաստիարակութեան: Ան շրջանաւարտները խրատեց ըլլալ երախտապարտ իրենց ծնողքին, դպրոցին, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին իրենց ուսումը եւ նպաստեցին իրենց զարգացման:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, դպրոցի հիմնադիր Սուրէն Խանամիրեանի կնոջ` Միրէյ Խանամիրեանի եւ քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի ձեռամբ:

Վկայականներ ստացան`Ալպարեան Արմիկ, Բարիքեան ՐաՖՖի, Գարաժապրլեան Գէորգ, Եագուպեան Յարութ, Թաշճեան Գարին, Թերզեան Խաչիկ, Կարապետեան Գարոլին Լէա, Կարապետեան Կարէն, Մաճարեան Մարիա Կրէյս, Մարտիրոսեան Ռիթա, Պէօյիւքեան Անդօ, Պօղոսեան Ցոլեր, Սէրայտարեան Արփի, Սէրայտարեան Ցոլեր,  Տօնանեան ՔրիսթոՖըր եւ Տօնապետեան Սերժ:

Աւարտին իր խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ առաջին հերթին անդրադարձաւ ազգանուէր գործին մէջ Սերժ Գալուստեանի բեղուն գործունէութեան: Ան նաեւ փառաւորեց բոլոր այն բարերարները, որոնք կը հաւատան հայ վարժարանի առաքելութեան եւ նեցուկ կը կանգնին անոր, ինչպէս` Սուրէն Խանամիրեանը, որ առողջապահական պատճառներով թէեւ Ֆիզիքապէս ներկայ չէր, սակայն հոգեպէս մեզի հետ էր: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները` կոչ ուղղելով անոնց յառաջանալու ինքնավստահ կերպով, նաեւ գնահատեց հայ դպրոցի գոյատեւման համար ջանք թափող իւրաքանչիւր անհատ:

Share this Article
CATEGORIES