Հայ Աւետարանական Կէրթմէնեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսներ

Ինչպէս ամէն տարեշրջանի աւարտին, այս տարի եւս խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցան Հայ աւետարանական Կէրթմէնեան վարժարանի ամավերջի զոյգ հանդէսները` ներկայութեամբ մեծ թիւով հանդիսատեսներու: Արդարեւ, ուրբաթ, 14 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան երեք լեզուներով երգեր, նաեւ` արտասանութիւններ ու պարեր: Ցուցադրուեցաւ մանկապարտէզի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը: Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտներն էին` Սէրլի Աղազարեան, Կրէյս Տիշաղճեան, Մարիա-Ռիթա Էօրտեքեան, Ճենիֆըր Ղալիունճեան, Էլեն Յակոբեան, Արին Հաճընլեան, Մարիա Օրանճեան, Դաւիթ Տէր Վարդանեան, Անթոնի Գալուստեան, Օհան Գաբրիէլ, Լեւոն Սեդրակ, Տանիէլ Թապպաա, Հրանդ Թահմաճեան, Ճորճ Եուսեֆ:

Հինգշաբթի, 27 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին 10 շրջանաւարտներ` Տիանա Արսլանեան, Մարինա Փոլիսաճեան, Ժանին Հարմանտայեան, Վարդուհի Փիլիկեան, Զարինա Եագուպեան, Ալեքս Կէօտելեքեան, Դաւիթ Գունտաքճեան, Խաժակ Սաքարեան, Յարութ-Քրիստափոր Թերզեան, Ճոնի Թորոսեան հրաժեշտ տուին իրենց շատ սիրելի վարժարանին, ուր տարիներ շարունակ սորված են հայապահպանում եւ աստուածավախութիւն, ուսման կողքին ամբարած են հայեցի դաստիարակութիւն եւ ընդհանուր գիտելիքներ: Գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին վարժարանին երգչախումբը մեկնաբանեց հոգեւոր եւ ազգային երգերու փունջ մը, ինչպէս նաեւ` ներկայացուեցան արտասանութիւններ, պար, նուագ: Շրջանաւարտներու անունով վարժարանի հանդէպ երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեցին արաբերէն լեզուով` Ճոնի Թորոսեան, անգլերէն լեզուով` Խաժակ Սաքարեան եւ հայերէնով` Վարդուհի Փիլիկեան եւ Ժանին Հարմանտայեան: Անոնք հաստատեցին, թէ անմոռանալի յիշատակներ ունին վարժարանին մէջ, ուր անձնազոհ ուսուցչակազմը եւ տնօրէնը ջանք չխնայեցին զիրենք հասցնելու այս հանդիսաւոր եւ նուիրական պահուն: Եզրափակելով իրենց խօսքը, անոնք խոստացան ըլլալ տիպար անհատներ` իրենց շրջապատին մէջ բնորոշուելով իրենց լրջութեամբ, ազնուութեամբ եւ քրիստոնէական կենցաղով:

Զոյգ հանդէսներուն խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան, որ շեշտեց, թէ կեանքը աշխատանքով է, յոգնելով է: Ան յորդորեց շրջանաւարտները լաւ ըլլալու իրենց դասերուն մէջ, որպէսզի յաջողութիւն գտնեն կեանքի մէջ: «Դպրոցը իր պարտականութիւնը կ՛ընէ, տան մէջ ծնողը կ՛օգնէ աշակերտին, սակայն աշակերտը իր աշխատանքով կը յաջողի», հաստատեց տնօրէնը` եզրակացնելով, որ վարժարանին մէջ պէտք եղած ուսումը ջամբած են եւ հայեցի ու հոգեւոր կրթութիւն տուած են, որ պիտի նպաստէ շրջանաւարտներուն յաջողելու իրենց յաճախելիք վարժարանին մէջ, եթէ պէտք եղած աշխատանքը տանին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )