Ազրպէյճանցի Սարտար Ճալալօղլու. «Ազրպէյճան»-ի Առասպելական Հերոսները Հայեր Եղած Են

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Ազրպէյճանցի ընդդիմադիր գործիչ Սարտար Ճալալօղլու հանդէս եկաւ գայթակղեցուցիչ յայտարարութեամբ մը` նշելով, որ Ազրպէյճանի առասպելական հերոսները հայեր եղած են: Այս արտայայտութեան հիման վրայ ան անդրադարձաւ իրենց ազգային առասպելական դէմքին` Քէօրօղլուին եւ յայտնեց, թէ Քէօրօղլուի կերպարը ստեղծուած է ոմն Թեպրիզեանի կողմէ:

Այս մասին յայտարարեց «Հաքքին ազ» կայքը, որ իր կարգին զայրոյթ արտայայտեց Ճալալօղլուի մեկնաբանութեան համար:

Ճալալօղլու ըսաւ. «Ազրպէյճանի մէջ կան չորս խորհրդանշական կնոջական կերպարներ. Ասլին, Շիրին, Նիկեար եւ Խաջար: Ասլինը հայ է, Խաջարը քիւրտ, Նիկեարը անյայտ է, իսկ Շիրինը իրանցի:

Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Ազրպէյճանի ազգային հերոս Բաբեկին:

«Բաբեկը ունէր երեք կին, որոնցմէ մէկը հայ էր: Երբ ան կեանքի վերջին օրերուն կը խնդրէ խալիֆայէն ներել զինք, խալիֆան կը մերժէ, որմէ ետք ան իր հայ կնոջ հետ ապաստան կը գտնէ կնոջ բարեկամ իշխան Սմբատի մօտ: Այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս կարելի է պնդել, որ Բաբեկը ազրպէյճանական հերոսութեան խորհրդանիշը ըլլայ», ըսաւ Ճալալօղլուն:

«Վագիֆ» թատերախաղն ու «26» պոէմն ալ պէտք է արգիլուի: Այս երկու գործերը կը հակասեն մեր ազգային շահերուն», ըսաւ ընդդիմադիր մտաւորականը` քննադատելով նաեւ Ստեփան Շահումեանի կերպարին հերոսացումը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES