Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ երէկ երեկոյեան 10 զինուոր հաշուող իսրայէլեան զօրամաս մը խախտեց սահմանային Կապոյտ գիծը եւ առեւանգեց Եուսեֆ Ռահիլ անունով լիբանանցի հովիւ մը: ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ կատարուած բանակցութիւնները արդիւնաւորուեցան Ռահիլի ազատ արձակումով:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազ Ֆատի Սուուան երէկ հարցաքննեց լիբանանեան բանակի հինգ անդամներ` սպայ մը եւ չորս զինուորներ, Ապրայի մէջ արձանագրուած դէպքերուն լոյսին տակ: Հարցաքննութենէն ետք Սուուան հրահանգեց բանտարկել զանոնք` բանակին հրահանգներուն չենթարկուելու եւ ոչ դիտումնաւոր կերպով քաղաքացիի մը մահուան պատճառ դառնալու յանցանքով:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ բանակին դէմ գրգռութիւններու հրահրումը եւ բանակին ազգային դիմագիծը կասկածի տակ առնելու մտայնութիւնը վտանգաւոր է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ- զօրավար Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ Մուսթաքպալ հոսանքին յայտարարած արշաւը բացայայտած է այն իրականութիւնը, թէ Ահմետ Ասիր Լիբանանի մէջ սադրանքի ցուցափեղկ մըն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ բանակը ի վիճակի է ապօրինի զէնքին հետ վարուելու եւ կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը պահել հզօր եւ դիմադրող երկիր մը` պահպանելով լիբանանեան պետականութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ բոլոր համայնքներուն ներկայացուցիչները:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի Ռամատանի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ անոնք դիմագրաւեն իրենց դէմ ծառացող դժուարութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգման պահանջին: Ան ընդգծեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին նոյն պաշտօնին վրայ նշանակելու կարեւորութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ շեշտեց, որ այնքան ատեն որ լիբանանեան հանրութիւնը թունաւորող կողմեր կան, կառավարութիւն կարելի պիտի չըլլայ կազմել:

«ԱԽՊԱՐ ԵԱՈՒՄ» լրատու գործակալութիւնը, երէկ իր տեղեկութիւնները քաղելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի աղբիւրներէն, հաստատեց, որ համախմբումը հերքած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ գոյանալիք ընտրական դաշինքի որեւէ հաւանականութիւն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի յայտնեց, որ Հըզպալլա յանձնառու է կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդվզած է Սուրիոյ կացութեան վրայ գրաւ դնելու իրականութենէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի բոլորէն աւելի համայնքային ու յարանուանական խտրութիւն կը կատարէ եւ ան է, որ կը սահմանափակէ բանակին շարժումներն ու քայլերը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած յարձակողական զէնքերը կը բացայայտեն, թէ անիկա ապագային աւելի լուրջ մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի կոչ ուղղեց համախմբուելու լիբանանեան բանակին շուրջ եւ կառչած մնալու լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները շեշտեցին, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին առումով օրակարգի որեւէ փոփոխութիւն աննախատեսելի է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ կատարուած բոլոր յայտարարութիւններուն նպատակն է հարուածել անոր գլխաւորած պետական հաստատութիւնը, այլ խօսքով` խորհրդարանը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի զինուորականացնել երկիրն ու համայնքները, որպէսզի պահպանէ իր զէնքը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են ռազմավարական խոր արմատներու վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է զբօսաշրջութեան մարզին վրայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ յարանուանական լարուածութիւնը մեղմացնել:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը խոչընդոտելու քայլը կասկածելի է, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ազգային երկխօսութեան եւ չափաւորականութեան անձնաւորութիւնն է:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերէն կը պահանջուի զիջումներ կատարել, որովհետեւ յառաջիկայ հանգրուանը անոր կարիքը ունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան քաղաքական համախոհութեան մը գոյացումը եւ շեշտեց լիբանանեան բանակին գործունէութեան համար քաղաքական զօրակցութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Նաամթալլա Ապի Նասըր շեշտեց, որ սահմանադրական հաստատութիւնները պէտք չէ հարուածել, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ղեկավարներուն կողմէ պէտք է լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ են ու հեզասահ` աւելցնելով, որ անոնք մնայուն կերպով կը խորհրդակցին իրարու հետ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ բանակը պէտք է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերէն եւ Լիբանանը կազմող բոլոր համայնքներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ գտնուի:

Share this Article
CATEGORIES