Զօր. Աուն Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Փաուլի եւ զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել Տը Շատարեւեանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փաուլի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Նշենք, որ զօր. Աուն այսօր յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ պիտի նախագահէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին:

 

Share this Article
CATEGORIES